Գերմանիոյ մէջ տնտեսական գործակցութեան եւ դաշնակցային բարգաւաճման նախարար Ռիմ Ապլի Ռատովան երէկ առտու Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Յառաջընթաց նշմարեցինք բարեփոխումներուն մէջ, որոնց վրայ կ՛աշխատի Լիբանանի կառավարութիւնը, եւ մենք հիմա եւ ապագային պիտի աջակցինք այս մօտեցումին»:
«Քննարկումները լաւ էին, եւ Գերմանիան կը զօրակցի ազդու պետական հաստատութիւններու կառուցման, թափանցիկութեան ու հաշուետուութեան ամրապնդման, փտածութեան դէմ պայքարին եւ բոլոր քաղաքացիներուն համար հիմնական ծառայութիւններու բարելաւման», շեշտեց գերմանացի նախարարը:
«Մեր զարգացման համագործակցութիւնը կը կեդրոնանայ պետական հաստատութիւններու ամրապնդման, տնտեսական եւ աշխատանքային կարելիութիւններու ապահովման, ինչպէս նաեւ հակամարտութիւններէն ու ճգնաժամերէն վնասուածներուն աջակցելու վրայ, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ:
«Լիբանանի մէջ կայուն խաղաղութիւնը անոր գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանք կը պահանջէ, եւ անոր կայունութիւնը կարեւոր է Լիբանանի, շրջանի եւ Եւրոպայի համար», նշեց Ռատովան:
«Լիբանանեան բանակը երկրի կայունութեան համար հիմնական անկիւնաքար է, եւ պէտք է անոր աջակցիլ: ՖԻՆԻՒԼ-ի ապագայի քննարկման ոլորտին մէջ դատարկութեան ստեղծում չի կրնար ըլլալ», յայտնեց նախարարը:
Ռատովան նաեւ նշեց. «Կը հետեւինք հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն, եւ այդ առնչութեամբ կապ կը հաստատենք իսրայէլեան կառավարութեան հետ»:
Նախագահ Աուն հանդիպումի ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան կը կառչի հակամարտութիւններու կարգաւորման համար դիւանագիտական ու բանակցուած լուծումներու` աւելցնելով. «Տեւական կայունութիւնը կարելի չէ միայն զինուորական ուժով իրագործել»:
Նախագահը կոչ ուղղեց «բանակին եւրոպական աջակցութիւնը ամրապնդելու» եւ շեշտեց «աստիճանաբար շտապ օգնութիւններու փուլէն տնտեսական ու բարգաւաճման տեւական գործընկերութեան կառուցման անցնելու կարեւորութիւնը»:


