Ֆրանսական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստ, ուր հանդիպում ունեցաւ նաւահանգիստի վարչական խորհուրդի ընդհանուր տնօրէն Մարուան Նաֆիի հետ եւ քննարկեց նաւահանգիստի իրավիճակը, զայն արդիականացնելու հոլովոյթը եւ յառաջիկայ փուլին գործադրուելիք ծրագիրները, ինչպէս նաեւ ֆրանսական կողմին հետ գործակցութիւնը, ամրապնդելու եւ փորձառութիւններու փոխանակում կատարելու կարելիութիւնները, որոնք արդիականացման եւ զարգացման ծրագիրներուն համահունչ են:
Հանդիպումի աւարտին երկու կողմերը շեշտեցին գործակցութեան ոլորտներու ընդլայնման կարեւորութիւնը` հաշուի առնելով Պէյրութի նաւահանգիստի զարգացման եւ անոր կարելիութիւններուն բարելաւման համար առաջարկուող նախագիծերը, ինչպէս նաեւ առեւտուրի շարժման ու տեղական ու շրջանային տնտեսութեան մէջ անոր կարեւոր դերը, որ կ՛արտօնէ յառաջիկայ փուլին օգտուիլ ֆրանսական կողմին հետ համագործակցութեան գոյութիւն ունեցող կարելիութիւններէն:


