Հայաստանը պէտք է հեռացնել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ), որովհետեւ ան չի մասնակցիր անոր աշխատանքներուն, սակայն միեւնոյն ժամանակ անոր հետ պէտք է համաձայնեցուին բոլոր որոշումները: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիուժա:
«Եթէ անոնք կը կասեցնեն մասնակցութիւնը, սակայն դուրս չեն գար, անոնք կը մնան ՀԱՊԿ-ի լիիրաւ անդամներ: Եթէ անոնք ՀԱՊԿ-ի լիիրաւ անդամներ են, ուրեմն բոլոր որոշումները, իսկ ՀԱՊԿ-ի մէջ որոշումները կ՛որդեգրուին համախոհութեամբ, պէտք է որդեգրուին` հաշուի առնելով անոնց դիրքորոշումը: Իսկ այդ դիրքորոշումը այսօր արդէն, ըստ էութեան, կը հակասէ այն բանին, որ ՀԱՊԿ-ի մէջ կը կատարուի», բացատրած է Պորտիուժա:
Անոր համաձայն, Երեւանի կողմէ ազնիւ պիտի ըլլար ընդհանրապէս դուրս գալ ՀԱՊԿ-էն, իսկ եթէ ան ատիկա չ՛ըներ, ապա Հայաստանը ընդհանրապէս պէտք է հեռացնել ՀԱՊԿ-էն:
«Ես անոնց կը հեռացնէի: Վճարումներ չեն ըներ, մասնակցութիւն չեն ունենար: Եթէ լուրջ մօտենանք, անոնք պէտք է ուղղակի վերցնեն եւ դուրս գան, եթէ լուրջ գործընկերներ են: Սակայն քանի որ անոնք ունին երկակի դիրքորոշում, որ «մենք դուրս չենք գար եւ պիտի չաշխատինք, չենք մասնակցիր եւ չենք ուզեր», անոնց պէտք է հեռացնել», կ՛ըսէ Պորտիուժա:
ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թաալաթպեք Մասատիքով նախապէս յայտարարած էր, որ 11 նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին կրնայ դրուիլ Հայաստանը հեռացնելու հարցը: Անոր գնահատմամբ` հանրապետութիւնը կը խախտէ կազմակերպութեան կանոնադրութեան 20-րդ եւ 25-րդ յօդուածները:
Միրզոյեան. «Երեւանը ՀԱՊԿ Վերադառնալու
Մտադրութիւն Չունի»
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ լրագրողներու յայտնեց, որ Երեւան ՀԱՊԿ-ի նկատմամբ իր վերաբերմունքը չէ փոխած եւ այդ կառոյց վերադառնալ չի պատրաստուիր:
«Մենք վաղուց մեր մասնակցութիւնը այդ կառոյցի աշխատանքներուն դադրեցուցած ենք, մեր անդամակցութիւնը սառեցուցած ենք», ըսաւ նախարարը:


