ՄԱԿ-ը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հաշտեցման հոլովոյթին` կրօնական վայրերու պաշտպանութեան իր ծրագիրի ծիրին մէջ: Այս մասին ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ, Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի բարձր ներկայացուցիչ Միկել Անխել Մորաթինոս:
«ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն եւ այլ կառոյցներ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կրնան աջակցիլ այս հոլովոյթին: Նպատակը հաշտեցումը իրականութիւն դարձնելն է», յայտարարած է ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարը, որ նաեւ իսլամատեացութեան դէմ պայքարի հարցով յատուկ բանագնացն է:


