Իսրայէլեան ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքը կը սպասուի այսօր երեկոյեան, երբ զոյգ պահարաններու հաշուարկը աւարտի: Անոնց թիւը աւելի քան կէս միլիոն է, եւ կրնան սովորական քուէատուփերու ճամբով ստացուած քուէներով ընտրութեան արդիւնքը փոխել:
Զոյգ պահարանները կը ներառեն զինուորներու, ոստիկաններու, բանտարկեալներու եւ դիւանագէտներու քուէները, ուստի անոնց հաշուարկը կրնայ հիմնականին մէջ վնասել արաբական կուսակցութիւններուն:
Երէկ կը հաղորդուէր, որ Իսրայէլի գործող վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ճամբարը ապահոված է 53 աթոռ, Փոփոխութիւն կուսակցութեան ղեկավար Կատի Այզենքոթի ճամբարը` 49, իսկ արաբական կուսակցութիւնները` 19 աթոռ:
Արաբական միացեալ ընտրացանկի պետ Եուսեֆ Ժապրի պատրաստակամութիւն յայտնեց Նեթանիահուն տապալելու համար գործակցելու ընդդիմութեան ղեկավարութեամբ կառավարութեան մը հետ, սակայն առանց կառավարութեան միանալու:
Նախքան այդ, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդած էր. «Այզենքոթի ճամբարը աշխատանք կը տանի իր եւ արաբական կուսակցութիւններու քուէները օգտագործելու` Քնեսեթի նախագահը փոխելու համար»:
Նեթանիահուի ղեկավարած Լիքուտ կուսակցութիւնը շարունակեց արաբական կուսակցութիւններուն դէմ իր արշաւը եւ զանոնք մեղադրեց «ընտրութիւնները գողնալու» եւ «քրէական վտանգաւոր խախտումներ»` ներառեալ ընտրակաշառք, սպառնալիք, բռնարարք եւ քուէներու կեղծում կատարելու յանցանքով` ոստիկանութենէն ու ներքին ապահովութեան ծառայութենէն` Շապաքէն ու Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբէն պահանջելով այս ամբաստանութիւնները հետաքննել:
Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոկ զգուշացուց. «Պէտք է ամէն ջանք թափել նոր ընտրութիւններէ խուսափելու համար, եւ բոլորէն դրական տրամադրուածութիւն կը սպասեմ»:


