Պարսելոնայի մարզական տնօրէն Տեքու, ապագային գլխաւոր մարզիչ Հանս-Տիթեր (Հանզի) Ֆլիքը փոխարինելու համար կը դիտարկէ ակումբի նախկին միջնապահ Սերխիօ Պուսքեթցի թեկնածութիւնը:
Պարսելոնա ամբողջովին գոհ է Հանս-Տիթեր Ֆլիքի աշխատանքէն, բայց հսկայ ակումբներ միշտ կը մտածեն տարիներ առաջ: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, քաթալաններու ակումբը լրջօրէն կը մտածէ այս կէտին մասին, թէ ո՛վ կրնայ փոխարինել Ֆլիքը այս վերջինիս հեռանալէն ետք: Նախապէս հաւանական թեկնածուներու կարգին էին Սեսք Ֆապրեկասն ու Լուիս Էնրիքէն:
Սակայն, ինչպէս կը հաղորդէ «Էլ Նասիոնալ»-ը, Պարսելոնայի մարզական տնօրէն Տեքու թեկնածու մը եւս գտած է: Ան մարզիչի մեծ ներուժ կը տեսնէ Սերխիօ Պուսքեթցի մէջ, որ ամրան դարձած էր Պարսելոնայի երկրորդ խումբի գլխաւոր մարզիչի օգնական:
Իբրեւ հաւանական ժամկէտ, կը նշուի, որ 2029-ին ան կրնայ նշանակել գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին վրայ: Ամէն ինչ սակայն կապուած է իրմէ, թէ ինչպէ՛ս կը դրսեւորէ ան ինքզինք` երիտասարդներու հետ աշխատանքին մէջ:


