Յորդանանեան բանակը յայտարարեց, թէ գործադրած է տեսակարար գործողութիւն մը, որ թիրախաւորած է հարաւային Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դիրքերը` ուրբաթ օր Քարաքի Համուտ եկեղեցւոյ մէջ սպաննուածներուն «վրէժը լուծելու համար», որովհետեւ այդ ոճրային արարքը գործած ահաբեկիչները այդ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն հետ կապ ունին:
Յորդանանեան օդուժի ռմբաձիգները քանդած են ահաբեկիչներուն պատկանող շարք մը կեդրոններ, ուր արձանագրուած են զոհեր ու վիրաւորներ եւ շարք մը մեքենաներ քանդուած:
Յորդանանի զինեալ ուժերը շեշտեցին, որ իրենք ուշադիր կը հետեւին իւրաքանչիւրին, որ կը համարձակի սպառնալ քաղաքացիներու անվտանգութեան, անոնք ընդգծեցին իրենց վճռականութիւնը` յառաջ շարժելու ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան արմատները վերացնելու գործին մէջ` աւելցնելով, որ իրենք կը շարունակեն իրենց սրբազան պարտականութիւնը` պաշտպանելու հայրենիքն ու անոր քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ պահպանելու անոր սրբութիւնները:
Սուրիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ յորդանանեան գործողութիւնը նախապէս սուրիական կողմին հետ չէ համակարգուած` նշելով, որ հետաքրքրութեամբ կը հետեւի յորդանանեան օդային յարձակումին զարգացումներուն, որոնց լոյսին տակ սպաննուած են քաղաքացիներ, ներառեալ մանուկներ:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Տարաա նահանգի գիւղական շրջանին մէջ շարք մը դիրքերու վրայ յորդանանեան յարձակումին պատճառով արձանագրուած է 7 զոհ եւ 3 վիրաւոր:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ Յորդանանին փոխանցած է սուրիական հողերուն մէջ առանց նախապէս համակարգելու գործողութիւններու շղթայազերծման դէմ իր «ամբողջական վերապահութիւնը» եւ ցաւ յայտնած այս գործողութեան հետեւանքով Տարաա նահանգին մէջ զոհերու եւ վիրաւորներու արձանագրուելուն համար: Նախարարութիւնը աւելցուց, որ բուռն կերպով կը մերժէ յորդանանեան ռմբակոծումը, որ առանց որեւէ համակարգումի թիրախաւորած է Տարաա նահանգը:
«Յորդանանեան կողմին հետ շարունակ հաղորդակցութիւն ու համակարգում տեղի կ՛ունենայ պարզելու այս իրադարձութեան հետեւանքներուն առնչուած մանրամասնութիւններն ու պատճառները, այնպէս, որ պահպանուի սուրիական տարածքներու անվտանգութիւնն ու գերիշխանութիւնը», նշեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը նաեւ զգուշացուց գոյութենէն կասկածելի կողմերու, որոնք աշխատանք կը տանին սադրանք յառաջացնելու եւ Սուրիոյ ու Յորդանանի միջեւ յարաբերութիւնները խանգարելու:
Յորդանանի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար դոկտ. Մոհամետ Հիւսէյն Մումինի յայտնեց. «Հարաւային Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի վրայ յարձակումներուն ընթացքին 20 զինեալներ սպաննուեցան»: Ան նաեւ ցաւ յայտնեց քաղաքային զոհերու արձանագրման համար:
Մումինի յայտնեց, որ սուրիական կողմին հետ աշխատանք կը տարուի կազմելու միացեալ յանձնախումբ մը` հետեւելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութեան հետեւանքներուն եւ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարին մէջ համակարգում կատարելու համար:
Ան շեշտեց, որ թագաւորութիւնը աշխատանք կը տանի աջակցելու Սուրիոյ անվտանգութեան, ամրապնդելու անոր միասնութիւնն ու ներքին ճակատը, ինչպէս նաեւ ընդլայնելու բոլոր մակարդակներուն վրայ անոր ներկայութիւնը, շարունակելու միջազգային կողմերու հետ աշխատանքները` Սուրիոյ հողերու անվտանգութեան, անոր միասնութեան եւ կայունութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ անոր դէմ ուղղուած նկրտումներուն դէմ, յատկապէս Սուրիոյ հարաւին մէջ պայքարելու համար:


