Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքը կոչ ուղղեց Տահր Պայտարի պայթուցիկ նիւթերու գործը առանց յապաղումի Արդարադատութեան խորհուրդին փոխանցելու` զգուշացնելով, որ կառավարութեան, մասնաւորաբար ելեւմուտքի նախարարութեան Լիբանանի Ելեկտրական ընկերութեան ունեցած պարտքերու վճարման ձգձգումը կը սպառնայ ձմրան եղանակի սկիզբին ելեկտրականութեան մատակարարման ժամերը կրճատելով:

Պլոքի այս դիրքորոշումը հրապարակուեցաւ երկուշաբթի գիշեր կայացած հանդիպումի ընթացքին, որուն մասնակցած են խորհրդարանականներ եւ նախարարներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան գործադիր մարմինը` կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են տարբեր զարգացումներ, մասնաւորաբար Տահր Պայտարի պայթուցիկ նիւթերու գործը Արդարադատութեան խորհուրդին փոխանցելու եւ ելեկտրականութեան հարցը:

Ժողովին մասնակիցները նկատեցին, որ Տահր Պայտարի պայթուցիկ նիւթերու գործը կը պարունակէ այն բոլոր տարրերը, որոնք զայն Արդարադատութեան խորհուրդին յանձնելը կը դարձնեն անխուսափելի, միանշանակ եւ մեկնաբանութեան ենթակայ չեղող հարց` նշելով, որ գործը մէկ կողմէն կը վերաբերի պայթուցիկներու մեծ քանակութեան, միւս կողմէն` արգիլուած կազմակերպութեան մը, որմէ, կառավարութիւնը 2 մարտին իր բոլոր ապահովական-զինուորական գործողութիւններու դադրեցումը պահանջած էր եւ զանոնք նկատած անօրինական, եւ պարտաւորած էր իր զէնքերը յանձնել լիբանանեան պետութեան, ինչպէս նաեւ զինուորական ու ապահովական մարմիններէն պահանջած էր ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ քայլերը` որոշումը գործադրելու համար:

Ժողովականները զգուշացուցին, թէ գործը Արդարադատութեան խորհուրդին փոխանցելու որեւէ ուշացում կառավարութեան իր որոշումները գործադրելու եւ պետութեան վարկը պահպանելու յանձնառութեան շուրջ հարցականներ պիտի ստեղծէ:

 

 

Նախորդը

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

RelatedPosts

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 28, 2026
Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.