. ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլայի զինաթափման համար Իրանի հետ յոյս կապելը Լիբանանի մէջ անոր դերակատարութիւնը կ՛ամրագրէ»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Թեհրան յաջողեցաւ լիբանանեան թղթածրարը դնել քննարկումի սեղանին վրայ` զայն նկատելով շրջանին մէջ պատերազմին վերջ տալու թղթածրարին անբաժանելի մաս` շեշտելու համար, որ Լիբանան չի կրնար իր գերիշխանութեան պահպանման համար շրջանային անվտանգութեան ենթադրեալ համակարգի մը մաս չկազմել»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ Աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իսրայէլեան ընտրութիւններուն արդիւնքը ուղղակի կերպով կը հետաքրքրէ Լիբանանը, թէեւ իսրայէլեան ընդհանուր քաղաքականութիւնը պիտի չփոխուի: Նեթանիահու իր քուէարկողներուն խոստացաւ Իրանի եւ անոր թեւերուն, որոնց շարքին Հըզպալլայի դէմ պատերազմը շարունակել»:
. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ պաշտօնատար մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Որեւէ կողմէն չկայ որեւէ երաշխիք, թէ պատերազմ տեղի պիտի չունենայ»:
. ԴԻՏՈՐԴ աղբիւր մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Չի սպասուիր, որ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան մօտեցումէն բան մը փոխուի: Ընտրութիւններուն ո՛ր ճամբարն ալ յաղթէ, «վատի եւ յոռեգոյնի» առջեւ պիտի կանգնինք»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանի մթնոլորտին մէջ կը գերիշխէ զգուշաւորութիւնը, ուշադիր հետեւիլը` սպասելով իսրայէլեան ընտրութիւններու արդիւնքներուն»:
. ԴԻՏՈՐԴ աղբիւր մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Երբ Ուալիտ Ժոմպլաթ երկխօսութիւն կ՛առաջարկէ, զայն կ՛առաջարկէ հասնելու համար որոշ կարգաւորման մը, որ կը ներառէ զէնքի պետութեան մենաշնորհի ծիրին մէջ Հըզպալլայի զէնքի հարցը: Մենք քաղաքական համակարգի բնոյթի եւ լիբանանեան կազմուածքի հիմամբ ստիպուած ենք իրարու հետ երկխօսութիւն կատարելու»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Մուտուն»-ին. «Հսկողութեան տեսախցիկներու արձանագրութիւններու վերլուծումը ցոյց տուաւ, թէ պայթուցիկ նիւթերը տեղափոխած «Տոճ» տիպի ինքնաշարժին առջեւ կը գտնուէր այլ ինքնաշարժ մը, որ ճամբուն կը հսկէր, եւ երբ բեռը գրաւուեցաւ, ընկերակցող ինքնաշարժին մէջ գտնուողները դէպի Պէյրութ փախուստ տուին»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեամբ, կշիռ ունեցող մէկէ աւելի անձնաւորութիւն ստացած է իր դէմ ապահովական գործողութենէ մը զգուշացում մը, ինչպէս նաեւ ծայրայեղ զգօնութիւն ցուցաբերելու եւ կանխարգելիչ քայլերը ուժեղացնելու հրաւէր ստացած է»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութենէն աղբիւր մը «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին յայտնած է, որ կառավարութեան դէմ ելեկտրականութեան թղթածրարի եւ Հըզպալլայի պայթուցիկ նիւթերու հարցով մագլցումը առնուազն յառաջիկայ կարճ ժամանակի ընթացքին կառավարութենէն հրաժարելու քայլին պիտի չհասնի:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Տեղեկութիւններէ ետք, թէ ներքին գործոց նախարարութիւնը կը պատրաստուի երեսփոխան Ղասսան Սքաֆի մահուան պատճառով թափուր մնացած աթոռին համար լրացուցիչ ընտրութիւն կատարելու, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը պատրաստուի մասնակցելու ընտրութեան` միեւնոյն ժամանակ թեկնածուին անունը պահելով կուսակցութեան ղեկավարութեան մօտ` ճիշդ անձը ընտրելու համար»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 35000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.651.000 լ.ո.-ի եւ 2.669.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 12000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.576.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 51000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.545.000 լ.ո.-ի:


