Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի կարտ Անթոնի Էտուըրտծ այս տարեշրջանի «Էն. Պի. Էյ.»-ի 4-րդ մրցումին 2-րդ անգամ ըլլալով 45 կէտ (կամ աւելի) նշանակեց, բայց իր խումբը կրեց իր առաջին պարտութիւնը:
Արդարեւ, Քլիվլենտ Քեվելիրզի դէմ մրցումին Էտուըրտծ 47 կէտ կրցաւ նշանակել, բայց Տոնավըն Միչել եւ ընկերներ երկարաձգման ընթացքին կրցան 2 կէտերու առաւելութեամբ յաղթել (127-125):
Ճէյմս Հարտըն աւելցուաց 19 կէտեր, որոնց կարգին 2 կէտեր ազատ հարուածով` մրցումի աւարտէն 13 երկվայրկեան առաջ, եւ Քլիվլենտ յաղթեց տարեշրջանի իր 2-րդ մրցումը (3 մրցումներու ընթացքին): Միչել 26 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիվլենտի:
Մայեմի Հիթ իր յաջորդական 4-րդ մրցումը պարտուեցաւ, հակառակ անոր որ յոյն աստղ Եանիս Անթեթոքումփօ թրիփըլ տապըլ ձեռք ձգած էր: «Կրիք Ֆրիք» 29 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մայեմիի, որ տակաւին չկրցաւ որեւէ մրցումի յաղթել: Տալաս Մեւրիքս վերադարձած էր Քուփըր Ֆլեկ, որ 29 կէտ նշանակեց եւ 11 էսիսթ ձեռք ձգեց:
Քայրի Ըրվինկ (18 կէտ) եւ Փի. Ճէյ. Ուաշինկթըն (20 կէտ) իրենց կարգին կարեւոր դեր ունէին Տալասի յաղթանակին մէջ, 2-րդն էր 4 մրցումներու ընթացքին:
Հիուսթըն Ռոքեթց իր յաջորդական 4-րդ մրցումը շահեցաւ` 120-110 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Աթլանթա Հոքսը, մինչ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր իր կարգին 4 մրցումներու ընթացքին 4-րդ յաղթանակը ապահովեց (125-114) Ֆինիքս Սանզի դէմ:


