Ամրան վերջին օրերն էին: Մանուկ բերքահաւաքի օրերուն կը սիրէր պարտէզ իջնել վաղ առաւօտուն: Քեսապի առաւօտեան բերքահաւաքը աւելի հաճելի է ու հեշտ: Գաղափար մը, որուն երկու պարտիզպան չեն կրնար հակաճառել: Մանուկ գաղափարին հետեւողներէն էր: Ան կը սիրէր կանուխ զարթնիլ եւ ականատես ըլլալ արեւի ամէնօրեայ ծնունդին: Արեւը երբ սկսէր իր լոյսը սփռել, այդ կը նշանակէր, որ Մանուկ նախաճաշը վերջացուցած էր ու կազմ-պատրաստ կ՛ուղղուէր պարտէզ:
Ան հայեացքը դէպի պարտէզ կ՛ուղղէր, ուշի ուշով ծառերը կը դիտէր` կողմնորոշուելու, թէ ո՛ր ծառէն պիտի շարունակէր մօտաւորապէս 10 օր առաջ սկսած բերքահաւաքը: Ապա հայեացքը կ՛ուղղէր դէպի երկինք, ուր ամպերը իրենց սպիտակ զգեստները հագած կ՛ըլլային: Անոնք ջինջ ու պայծառ երկինքին մէջ կը տողանցէին ու նազանքով, հանդարտ շարժումներով առաջ կ՛երթային մերթ իրենց մազերը հովին տուած` անոր թոյլ տալով, որ հիւսէ, շոյէ կամ ալ կապէ զանոնք:
Ապա ամպերը մէկ-մէկ կը քողարկէին արեւուն երեսը, կարծէք աչքխփուկ կը խաղային միասին` յաւելեալ զովութիւն տալով առաւօտեան հաճելի մթնոլորտին: Անոնք անգամ մըն ալ իրարու կը մօտենային: «Արդեօք իրարու ի՞նչ կը պատմէին, կամ զո՞վ կը բամբասէին,- կը մտածէր Մանուկ – Չէ՞ որ անոնք շատ բարձր էին ու հոնկէ շատ լաւ կրնային դիտել ամէն ինչ»: Առաւել, որ մեր բոլոր լուրերն ու գաղտնիքները անոնց քովն էին:
Մանուկ ամպերու մասին ինչե՛ր ու ինչեր երեւակայեց ու մտածեց: Ամէն անգամ երբ դոյլերը լեցուէին, իւրաքանչիւր ձեռքին դոյլ մը շալկած` կ՛ուղղուէր դէպի սպիտակ խոշոր սնտուկները` զանոնք դատարկելու ու կրկին այդ դատարկ դոյլերու մէջ թըփ-թըփ քանի մը քաղուած խնձորներ արձագանգ կու տային, մինչեւ որ դոյլը քիչ-քիչ լեցուէր, ու արձագանգի ձայնը անէանար:
Մանուկ մէկ կողմէ գործը կը շարունակէր, միւս կողմէ` ամպերու ընթացքին կը հետեւէր: Գործը բաւական առաջ տարած էր, երբ տղան ու գործաւորը իրեն միացան:
– Շա՜տ ուշացաք, օրը կէսօր եղաւ, ո՞ւր մնացիք,- ըսաւ Մանուկ` աչքին տակէն անոնց հետեւելով:
– Մենք սուրճը խմեցինք, հայրի՛կ, մաման քեզի ալ սուրճ ղրկեց, եկո՛ւր, սուրճդ խմէ, յետոյ գործդ շարունակէ,- պատասխանեց տղան:
Ան սուրճ խմելու իրաւունքը վաստակած էր: Մինչեւ սուրճին քով հասնիլը, ճամբուն վրայ, անցած ծառերուն թափած խնձորները կոյտ-կոյտ հաւաքեց: Ծառի շուքին տակ գետին նստաւ, ուր սուրճը դրուած էր, կռնակն ալ յենեց այդ ծառի կոճղին, իսկ բազուկը հաստատեց խնձորի սնտուկներէն մէկուն վրայ, օ՜ֆ օ՛ֆ, ճոխ բազկաթոռ մը այդքան հանգիստ չէր կրնար ըլլալ:
– Աս սուրճը արժեց,- ըսաւ Մանուկ,- պարտէզի մէջ սուրճ խմելը ու անոր բոյրը շնչելը կ՛աշխուժացնէ զիս, մայրդ ճաշակով ու հասկցող կին է:
Ինք կը խօսէր, ինք կը լսէր, որովհետեւ տղան ու գործաւորը իրմէ քանի մը ծառ անդին էին, թէ ալ դոյլի մէջ խնձորներու իյնալու ձայնն ու աղմուկը անոր ձայնը կը գերազանցէին: Մանուկ սուրճը խմելէ ետք ոտքի ելաւ, տաբատը թօթուեց, վեր քաշեց ու կրկին գործի լծուեցաւ:
– Երկինքը քիչ առաջ աւելի ուրախ էր, ամպերն ալ աւելի ճերմակ էին եւ ուրախ, սիրուն տեսք ունէին, իսկ հիմա երկինքը «սուֆաթը քշշեց» (երեսը ծռեց) կարծէք,- ըսաւ Մանուկ` ձայնը աւելի բարձրացնելով, որպէսզի լսելի դառնայ:
– Հայրի՛կ, կարծես պիտի անձրեւէ,- աւելցուց տղան:
Մինչ անոնք բերքահաւաքը կը շարունակէին, Մանուկ ամէն անգամ, որ դոյլերը դատարկելու կ՛երթար, աչքերը կ՛ուղղէր դէպի երկինք, ամպերուն կը հետեւէր, որովհետեւ անոնց ընթացքը իրենց գործը կրնար խանգարել: Առտուան սիրուն եւ սպիտակ ամպերը, որոնք նազանքով կը քալէին, իրենց գոյնն ու տեսքը հետզհետէ սկսան փոխել եւ մոխրագոյն դառնալ: Արագ-արագ սկսան իրարու ետեւէ վազել, կարծէք կը վիճաբանէին, քիչ ետք սկսան կռուիլ, պոռալ ու կանչել եւ նոյնիսկ զիրար հրել-հրմշտկել, ու ահա որոտումի ձայներ սկսան լսուիլ:
– Արդեօ՞ք հաւաքենք դոյլերն ու սնտուկները, փախչի՞նք դէպի տուն, ասիկա աշունն է,- Մանուկ գլուխը կ՛երկարէ, ճամբան կը հետազօտէ ու կը շարունակէ,- աշունը շուտով կը ժամանէ, բայց այս ամպերը ամրան խաբուսիկ ամպեր են, կրնայ անձրեւել, կրնայ` ո՛չ,- բարձրաձայն կը մտածէ:
– Հայրի՛կ, եթէ նոյնիսկ անձրեւէ, քանի մը կաթիլ կը կաթկթի, նոյնիսկ մեր թաղը, կամ գիւղին մէջ ընդհանրապէս կրնայ անձրեւ չտեղալ, դուն այդպէս չե՞ս ըսեր միշտ,- աւելցուց տղան:
Անոնք իրենց գործը շարունակեցին: Տղան, որ ծառին բարձր ճիւղերուն վրայ մագլցած էր, լեցուն դոյլը կը փոխանցէր ծառին տակ աշխատողին, իսկ ան իր հերթին դատարկ դոյլ մը կ՛երկարէր անոր: Այդպէս, աշխատասէր մեղուներու նման, իրենց գործը կը շարունակէին, երբ թըփ անձրեւի խոշոր կաթիլ մը ինկաւ տղուն գլխարկին յառաջամասին: Անոր յաջորդեցին մնացած կաթիլները: Տղան կարեւորութիւն չտուաւ եւ գործը շարունակեց, բայց երկրորդ-երրորդ կաթիլը… տղան դոյլը փոխանցեց գործաւորին ու ոտքը տեղաւորեց աւելի վար գտնուող ճիւղին ու աւելի վար, մինչեւ ծառէն վար ցատկեց: Անձրեւի կաթիլները հետզհետէ շատցան ու աւելի մեծցան:
– Ասի խաբուսիկ անձրեւ չ՛երեւիր, հայրի՛կ, շուտով հաւաքուինք չթրջուած` տուն հասնինք,- յարեց տղան:
Անձրեւի կաթիլները շատցան, մեծցան ու դարձան տեղատարափ: Մանուկ իր ձեռքի դոյլը պարպեց սնտուկին մէջ ու վազեց պարտէզի մօտիկ թոնիրի ծածկին տակ պատսպարուելու… արդէն թրջուած հասած էր: Տղան եւ իրենց գործաւորը աջ ու ձախ դոյլերն ու սնտուկները տեղաւորեցին, անոնք ալ հեւ ի հեւ Մանուկին ետեւէն թոնիր վազեցին:
– Այս անձրեւը հերիք չէ՛, որ մեր գործը կիսատ ձգեց, մեզ ալ պատժեց, ալ քանի մը օր պարտէզ չենք կրնար իջնել,- ըսաւ Մանուկ քմծիծաղով:
– Չէ՞ որ դուն միշտ կ՛ըսես` բերքահաւաքի ընթացքին տեղացած անձրեւը դեղ ու դարման կ՛ըլլայ բերքին,- ակնարկեց տղան:
– Անձրեւը կերանք ու թրջուեցանք, բայց թոնիրի հաց չկերանք, մէկը ըլլար, չորթանով կամ ծոթրինով հաց թխէր, համով-հոտով ուտէինք, թոնիրի կրակի տաքութեամբ ալ մեր հագուստները չորցնէինք,- խնդալով ըսաւ Մանուկ:
– Հա՜ Մանո՛ւկ, ո՞ւր մնացիք, ի՞նչ կ՛ընէք պարտէզը անձրեւին,- Մանուշն էր զանգողը, Մանուկին կինը, մտահոգ կը հարցնէր:
– Թոնիրը հաց կը թխենք ես ու տղադ,- ըսաւ Մանուկ,- հրաւիրուած էք բոլորդ, ձեր ներկայութիւնը խիստ փափաքելի է, իսկ հրաւէրը` անվճար:
Անոնց խնդուքին ձայնը գերազանցեց անձրեւինը, բոլորը կը խնդային` հակառակ իրենց աննախանձելի վիճակին:



