Հայ հասարակութիւնը պէտք է ընդունի, որ խաղաղութիւնը կարեւոր է թէ՛ իր, թէ՛ ալ ազրպէյճանական հասարակութեան համար: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով` Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարար Թոմ Պերենտսենի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
«Ազրպէյճան իր բարի կամքը դրսեւորած է Ուաշինկթընի պատմական վեհաժողովին ընթացքին: Մեր երկիրը նոյնպէս միակողմանի քայլեր կը ձեռնարկէ, որպէսզի բոլորը կարենան տեսնել խաղաղ հոլովոյթի իրական արդիւնքները: Սակայն Հայաստանի մէջ կան ներքին հարցեր: Մենք կը հետեւինք գործընթացին», նշած է Պայրամով:
Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնած է. «Նետերլանտները կ՛ողջունեն անցեալ տարուընէ ի վեր երկու երկիրներուն ձեռնարկած նշանակալի քայլերը եւ բարձր կը գնահատեն Ազրպէյճանի յանձնառութիւնը խաղաղութեան հոլովոյթին: Կայուն խաղաղութեան հաստատումը շրջանին մէջ նոր տնտեսական կարելիութիւններ պիտի բանայ»:
Ան աւելցուցած է, որ Նետերլանտները հաւասարակշռուած մօտեցում կը կիրարկեն շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հասնելու համար, ինչ որ վճռորոշ նշանակութիւն ունի եւ օգտակար է բոլորին:
«Նետերլանտները աշխարհի տարբեր հատուածներուն մէջ աջակցութիւն կը ցուցաբերեն ականազերծման ոլորտին մէջ: Վստահ եմ, որ մեր խումբերը պիտի քննարկեն նաեւ Ազրպէյճանին աջակցութիւն ցուցաբերելու կարելիութիւնները», յայտարարած է նախարարը:
Նշենք, որ Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարարը այսօր պիտի այցելէ Հայաստան:


