Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը, մեկնաբանելով յորդանանեան ապահովական ուժերու ուրբաթ օր Քարաքի եկեղեցւոյ վրայ ահաբեկչական յարձակումի հեղինակներուն ձերբակալութիւնը, յայտնեց. «Ահաւասիկ քաջարի տղամարդիկ, որոնք զանոնք մինչեւ իրենց որջերը հետապնդեցին: Մենք ըսինք, թէ ահաբեկիչները պատիժէն պիտի չկարենան փախուստ տալ, եւ ոեւէ մէկը, որ յորդանանցիներուն միջեւ բաժանում յառաջացնող գաղափարախօսութիւն ունի, պիտի չկարենայ փախուստ տալ»:
Նշենք, որ Յորդանանի ներքին ապահովութեան ուժերը երէկ առաւօտեան ձերբակալեցին Քարաք նահանգի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ վրայ կատարուած արիւնալի յարձակումին հարցով երեք կասկածելիներ:
Յորդանանի պետական պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ անոնք երեքն ալ վիրաւորուած են:
Աւելի ուշ յորդանանեան կառավարութեան բանբերը հաստատեց. «Քարաքի մէջ ահաբեկչական գործողութեան հեղինակ երեք ահաբեկիչները ձերբակալուեցան, եւ անոնց մօտէն շարք մը զէնքեր ու զինամթերք գրաւուեցան»:


