10 եւ 11 հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Լիբանանի «Թէքէեան» մշակութային միութեան երիտասարդական նուագախումբը` «Եութ պենտ» իր տարեկան համերգով հանդէս եկաւ Վահան Թէքէեան վարժարանի բակին մէջ` երաժշտասէր հասարակութեան հրամցնելով գեղեցիկ երեկոյ մը:
Վիգէն Չալեանի ղեկավարութեամբ կայացած համերգները առիթ հանդիսացան վայելելու երաժշտական կատարումներու հարուստ փունջ մը եւ հաղորդակից դառնալու բեմին վրայ հնչող իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան գեղեցկութեան:
Լիբանանցի մեծ երգահան եւ երաժիշտ Զիատ Ռահպանիի նուիրուած երեկոները համախմբեցին երաժշտութեան հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը` ստեղծելով ջերմ մթնոլորտ մը:
Իւրաքանչիւր կատարում իր յատուկ գոյնը կը բերէր երեկոյին` հանդիսատեսին առջեւ բացայայտելով կատարողներուն երաժշտական կարողութիւնները, անհատական ոճն ու ստեղծագործութիւնը:
Տարբեր ստեղծագործութիւններու միջոցով բեմին վրայ կը ստեղծուէին տրամադրութիւններու եւ զգացումներու բազմազան երանգներ, որոնք երաժշտական յայտագիրը կը դարձնէին աւելի կենդանի ու հետաքրքրական:
Տարբեր լեզուներով եւ ոճերով ներկայացուած ստեղծագործութիւնները երեկոյին հաղորդեցին իւրայատուկ գոյն մը` հանդիսատեսին առջեւ բանալով երաժշտական տարբեր աշխարհներու դռներ:
Յայտագրին մէջ տեղ գտան` «Մայս ռիմ», «Իմ Անի», «Ինչ է կեանքը», «Թամամ աշխարհ», «Պալա ուալա շի», «Փորթոֆինօ», «Թին թաուն», «Պեսամէ մուչօ», «Ռաժիլի եա սնին ռըհթի ըրժահի», «Լիպիամօ», «Սմութ օփրաթոր, «Պէյրութ», «Մաշինէն եկաւ» եւ «Ծաղկիր ինձ համար» ստեղծագործութիւնները` մենակատարողութեամբ Հայկանա Մուրատեանի, Ռիք Աճեմեանի, Յովիկ Թաֆրանեանի եւ Թէյա Քորտահիի:
Հայերէն, արաբերէն եւ օտարալեզու կատարումներու այս համադրումը յայտագրին հաղորդեց բազմերանգ նկարագիր մը:
Առանձին ջերմութեամբ ընդունուեցաւ նաեւ փոքրիկ երգչուհի Կալիա Գարկայեանի ելոյթը: Ան «Ce monde» երգով իր մասնակցութիւնը բերաւ համերգին` յատուկ հմայք մը հաղորդելով յայտագրին: Փոքրիկ կատարողին մասնակցութիւնը գեղեցիկ լրացում մը եղաւ երեկոյին` իր ձայնով եւ ներկայութեամբ ստեղծելով հաճելի պահ մը եւ աւելի եւս ընդգծելով երաժշտութեան աշխարհին մէջ տարբեր տարիքներու եւ ձայներու միաւորման գեղեցկութիւնը:
Հանդիսատեսները համերգին հետեւեցան մեծ հետաքրքրութեամբ եւ գոհունակութեամբ, կար յատուկ կապ մը բեմին վրայ հանդէս եկող երիտասարդներուն եւ երաժշտութիւնը սիրող հասարակութեան միջեւ:
«Թէքէեան» մշակութային միութեան երիտասարդական նուագախումբին տարեկան համերգը անգամ մը եւս կը շեշտէր մշակութային գործունէութեան կարեւորութիւնը եւ այն դերը, որ երաժշտութիւնը կը կատարէ համայնքային կեանքին մէջ:
Երաժշտութիւնը իր համամարդկային լեզուով անգամ մը եւս համախմբեց ներկաները` անոնց պարգեւելով գեղեցիկ յիշատակ մը:





