Երէկ տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարական մարմիններու ընտրութիւններ Հայաստանի 21 համայնքներու մէջ:
Արտաշատ, Արմաւիր, Արաքս, Գաւառ, Մարտունի, Վարդենիս, Հրազդան, Ծաղկաձոր, Գառնի, Արթիկ, Ախուրեան, Գորիս, Մեղրի, Եղեգնաձոր, Վայք, Ջերմուկ, Իջեւան, Դիլիջան, Ստեփանաւան համայնքներուն մէջ ընտրութիւնները համամասնական էին, իսկ Ֆիոլետովօ եւ Շամիրամ համայնքներուն մէջ` մեծամասնական:
Ընտրութիւնը մրցակցային չեղաւ հինգ համայնքներու մէջ` Վայք, Արմաւիր, Վարդենիս, Գառնի եւ Ախուրեան, ուր առաջադրուեցան միայն իշխող Քաղաքացիական պայմանագիրի անդամները:
Ընտրութիւններուն ամէնէն շատ մասնակցութիւնը արձանագրուեցաւ Լոռիի մարզի Ստեփանաւան համայնքին մէջ` 68,83%, ամէնէն քիչը` կրկին Լոռիի մարզի Ֆիոլեթովօ համայնքին մէջ` 25,39%:
Ընտրութիւնները յատկանշուեցան բազմաթիւ ընտրախախտումներով: Ըստ «Ականատես» դիտորդական առաքելութեան, դիտորդներու հաղորդումներու նախնական ամփոփումով` 137 ընտրատեղամասի մէջ արձանագրուած է 217 խնդիրներու եւ ընտրախախտումներու դէպք:


