Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով «Վեսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Ռուսիան պատրաստ է 4 նոյեմբերէն ետք վերսկսելու Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւնները:

Քրեմլինի ներկայացուցիչը յիշեցուցած է, որ Ռուսիան պատրաստ էր բանակցութիւնները վերսկսելու Տումայի ընտրութիւններէն ետք, որոնք տեղի ունեցան 18-էն 20 սեպտեմբերին: Սակայն ուքրանական կողմը խափանած է այդ պայմանաւորուածութիւնը:

Նախապէս կը հաղորդուէր, որ եռակողմ խորհրդակցութիւններու իբրեւ հաւանական հարթակ կը դիտարկուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապին:

«Հիմա հերթական վերջնաժամկէտը 4 նոյեմբերն է` մեր մեծ տօնը (Միասնութեան օրը, «Ա.»): Ատկէ ետք մենք պատրաստ պիտի ըլլանք բանակցութիւնները վերսկսելու», ըսած է Ուշաքով:

Ան նշած է, որ ընդմիջումէն ետք ուքրանական կարգաւորման շուրջ եռակողմ բանակցութիւններու առաջին փուլը պիտի կրէ «նախնական ծանօթացման բնոյթ», եւ այդ հանդիպումէն մեծ սպասումներ պէտք չէ ըլլան:

Ինչ կը վերաբերի Մայեմիի մէջ սպասուող Քսաններու խմբակի վեհաժողովին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մասնակցութեան կարելիութեան, ապա ատիկա կախեալ պիտի ըլլայ Չինաստանի մէջ Ասիա-Խաղաղական ովկիանոս տնտեսական համախմբումի վեհաժողովի (18-19 նոյեմբեր) արդիւնքէն: Փութինի, Շի Ճինփինկի եւ Թրամփի հանդիպման նախապատրաստութիւնը արդէն սկսած է:

Չինաստանի մէջ վեհաժողովի ծիրին մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու երկկողմանի հանդիպման կազմակերպումը տակաւին համաձայնեցուած չէ, սակայն նման մեծ միջազգային վեհաժողովները հաղորդակցութեան լայն կարելիութիւններ կը բանան. Ռուսիոյ նախագահի օգնականին համաձայն, եթէ ղեկավարները կողք-կողքի յայտնուին, պիտի զրուցեն:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նախապէս յայտարարած էր ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները եռակողմ ձեւաչափով վերսկսելու Ռուսիոյ պատրաստակամութեան մասին: Այդ բանակցութիւններուն նպատակը, ըստ անոր, վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրներու հասնելէ ետք Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու քննարկումն էր: Փութին ընդգծած էր, որ այս հարցը քննարկելու ընթացքին անհրաժեշտ է նաեւ ընդհանուր առմամբ խօսիլ եւրոպական անվտանգութեան ճարտարապետութեան մասին:

Նախորդը

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

RelatedPosts

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
Ապտալլա Բ. Թագաւոր. «Յորդանանցիներու  Ապահովութիւնը Կարմիր Գիծ Է, Եւ Արդարադատութեան  Ձեռքը Իւրաքանչիւր Ահաբեկիչի Պիտի Հասնի»
Միջազգային

Ապտալլա Բ. Թագաւոր. «Յորդանանցիներու Ապահովութիւնը Կարմիր Գիծ Է, Եւ Արդարադատութեան Ձեռքը Իւրաքանչիւր Ահաբեկիչի Պիտի Հասնի»

October 26, 2026
Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի  14-րդ Կայանին.  Իսրայէլ Եւ Կիպրոս Մեծ Գործարքով Մը  Կ՛ամրապնդեն Իրենց Զինուորական  Յարաբերութիւնները
Միջազգային

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 14-րդ Կայանին. Իսրայէլ Եւ Կիպրոս Մեծ Գործարքով Մը Կ՛ամրապնդեն Իրենց Զինուորական Յարաբերութիւնները

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.