Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր կայքին ճամբով վերահաստատեց Լիբանան այցելելէ զգուշացումը` «շրջանային մագլցումի հաւանականութեան եւ հուսիներուն շղթայազերծած յարձակումներուն ներկայացուցած սպառնալիքին» պատճառով:
«Լիբանան մի՛ ճամբորդեր ոճիրի, ահաբեկչութեան, անկարգութիւններու, առեւանգումի, ականներու եւ զինեալ հակամարտութեան վտանգներու պատճառով», աւելցուց դեսպանատունը:
Ամերիկեան դեսպանատունը նաեւ հաղորդեց, որ իր պաշտօնատարները ենթակայ են սահմանափակումներու, որոնք անոնց կ՛արգիլեն անձնական նպատակներով առանց նախնական արտօնութեան Լիբանանի տարբեր շրջաններ այցելել` նշելով, որ գոյութիւն ունի հաւանականութիւն, որ դիւանագիտական առաքելութեան պետի ապահովական պատասխանատուութեան ենթակայ ամերիկացի պաշտօնեաներուն իրավիճակին վերաբերեալ յաւելեալ քայլեր կրնան որդեգրուիլ:
«Հարաւային արուարձանները, Պէյրութի հարաւը գտնուող շրջանները նաեւ կը նկատուին չափազանց վտանգաւոր շրջաններ, ահաբեկչութեան, առեւանգումի, չպայթած զինամթերքի եւ զինեալ հակամարտութեան վտանգի պատճառով», աւելցուց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը:
Նշենք, որ Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու այլ դեսպանատուներ եւս իրենց քաղաքացիներուն նոյնպիսի զգուշացումներ յղեցին:


