«Օփթա» վիճակագրական հարթակի գերհամակարգիչը 2026-2027 տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ակումբներու հաւանականութիւնը հրապարակած է 3 մրցումներէ ետք:
Մրցաշարքին յաղթելու գլխաւոր թեկնածուն է Լոնտոնի Արսենալը: «Ռմբաձիգներ»-ու ախոյեանի յոյսերը կը գնահատուին 20,51 տոկոսով:
Լաւագոյն եռեակին մաս կը կազմեն Միւնիխի Պայերնը (15,41 տոկոս) եւ անգլիական այլ խումբ մը` Մանչեսթըր Սիթին (13 տոկոս):
4-րդ դիրքի վրայ կը գտնուի Սպանիոյ Պարսելոնան (11,39 տոկոս), իսկ 5-րդ` վերջին երկու տարիներուն տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմենը (10,1 տոկոս):
Զարմանալին այն է, որ երեք շաբթուան մրցումներէ ետք առաջին դիրքը կը գրաւէ Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ առաւելագոյն 9 կէտերը ձեռք ձգած է: Նոյնքան կէտեր ունին նաեւ Ասթոն Վիլան եւ Լիվըրփուլը, ինչպէս նաեւ սպանական Ռէալ Մատրիտն ու Պեթիսը: Թիւ 1 թեկնածուն 7 կէտ ունի եւ կը գրաւէ 7-րդ դիրքը:


