Աւելի քան 10 տարի առաջ լքելէ ետք ֆութպոլը, պրազիլցի աստղ Ռոնալտինիօ անգամ մը եւս պիտի վերադառնայ կանաչ դաշտ, Իտալիոյ Գ. դասակարգին մէջ:
Ռոնալտինիօ անցեալ յունիսին անակնկալ քայլ մը առած էր ստորագրելով Ռավենայի տոմարներուն վրայ, բայց 46 տարեկան աստղը տակաւին ելոյթ չունեցաւ խումբին հետ:
Քանի մը օր առաջ Ռավենա յայտնեց, որ Ռոնալտինիօ, որ իր վերջին ելոյթը ունեցած էր 2015-ին Ֆլումինենսէի հետ, իր առաջին ելոյթը պիտի ունենայ Ֆորլիի դէմ «տերպի»-ի մրցումին, 15 նոյեմբերին:
«Միջազգային երեւոյթ մըն է, որ ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ այդ օր` «Պրունօ Պենելլի» մարզադաշտի վրայ: Ֆութպոլի աշխարհը անհաւատալի կը կարծէր, բայց մենք այսօր կը հաստատենք, որ մեծ վերադարձը կախարդական վերադարձը, տարիներէ ի վեր ֆութպոլի համակիրներուն սիրոյն աժանացած ժպիտին եւ տաղանդին վերադարձը տեղի պիտի ունենայ, նշած է Ռավենայի յայտարարութիւնը:
Ռավենայի սեփականատէր Իկնասիօ Չիփրիանի, որ «Չիփրիանի» ճաշարաններու սեփականատէրն է նաեւ, յայտնեց, որ իր երազն է տեսնել, որ Ռոնալտինիոն իր ասպարէզի վերջին կոլը կը նշանակէ Ռավենայի շապիկով:
Ռոնալտինիոյի երկրորդ ելոյթը պիտի ըլլայ Իտալիոյ մէջ, նախապէս 2008-էն 2011 խաղալէ ետք Ա. Սէ. Միլանին հետ: Ան խաղցած է նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պարսելոնայի հետ` փայլուն օրեր վայելելով: Իր տիրացած մրցանակներուն կարգին էին 2002-ի Մոնտիալը եւ 2005-ի «Պալոն տ՛օր»-ի տիտղոսը:
«Ֆութպոլիստները կը յիշուին իրենց ձեռք ձգած արդիւնքներով, ոմանք ալ կը յիշուին իրենց ձգած գեղեցիկ զգացումներով եւ յիշատակներով: Ռոնալտինիոն մաս կը կազմէ այն ախոյեանութիւններուն, որոնք ֆութպոլը հաճոյքի կը վերածեն անակնկալ շարժումներով, ստեղծագործական տաղանդով եւ ժպիտով, որոնք ուրախ կը պահեն սերունդները», ըսաւ Չիփրիանի:
Ռավենա կը գրաւէ «Սերի Սէ.»-ի (Գ. դասակարգ) Բ. դիրքը` իր խմբակին մէջ:
Ակումբը իր յաջորդութիւնը եզրափակեց նշելով. «Սպասումը գրեթէ վերջ գտաւ: Կախարդը կը վերադառնայ կանաչ դաշտ»:


