Երէկ Յորդանանի Քարաք նահանգի եկեղեցիին մէջ յուղարկաւորութեան ժամանակ զինուած անձերու կողմէ արձակուած կրակոցներու պատճառով 7 մարդ սպաննուած է, իսկ ուրիշ 34 հոգի` վիրաւորուած, հաղորդած է Յորդանանի Հանրային անվտանգութեան վարչութեան ղեկավարը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան համաձայն, հազարապետ-զօրավար Ապտալլա Մաայթա յայտնած է, որ Քարաքի Համուտ եկեղեցւոյ մէջ կրակոցներէն վիրաւորուածները բժշկական օգնութիւն կը ստանան, եւ յարձակողներուն փնտռտուքը կը շարունակուի:
Ներքին գործոց նախարար Մազեն Ֆարայէ յայտարարած է, թէ յարձակումը իրականացուած է «ծայրայեղականներու կողմէ», սակայն կանուխ է ըսել, թէ արդեօք անոնք կապ ունի՞ն Յորդանանի մէջ կամ երկրէն դուրս որեւէ յայտնի խմբաւորումի հետ:
Յարձակման համար տակաւին ոչ ոք պատասխանատուութիւն ստանձնած է:
Յորդանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին հեռարձակած տեսանիւթին մէջ, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, նկարահանած է անվտանգութեան տեսախցիկը, կ՛երեւին եկեղեցւոյ ուղղութեամբ կրակող երեք անձեր:
Ականատեսներէն մէկը պատմած է, որ յուղարկաւորութեան քանի մը տասնեակ մարդ կը մասնակցէր, անոնց վրայ կրակած են քանի մը վայրկեան:


