Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարի տեղակալ Նարեկ Ապիտոնեան ընդունած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի` անվտանգային աջակցութեան հարցերով փոխտեղակալ Շոնա Ուիլսընի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ուժանիւթային ոլորտին մէջ համագործակցութեան ծիրին մէջ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքը եւ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները:
Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի մէջ նոր հիւլէական կայանի կառուցման:
Նարեկ Ապիտոնեան տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարի հրամանով նշանակուած է «Հիւլէական նոր կայանի կառուցում» փակ բաժնետիրական ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, եւ յոյս յայտնած, որ այս նշանակումը նոր թափ պիտի հաղորդէ նոր հիւլէական կայանի կառուցման հոլովոյթին, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու համապատասխան ընկերութիւններու հետ տարուող աշխատանքներուն:


