Ապու Տապիի մէջ նոյեմբերի առաջին կիսուն տեղի ունենալիք բանակցութիւնները, ուր անվտանգութեան ապահովման հարցերը պիտի քննարկուին, եռակողմ ձեւաչափով պիտի ըլլան: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Գիտէք, ոչինչ կարելի է սկիզբէն բացառել, սակայն Ապու Տապիի մէջ այդ բանակցութիւնները պիտի ըլլան եռակողմ ձեւաչափով», պատասխանած է ան այն հարցումին, թէ արդեօք եւրոպացիները կրնա՞ն անոնց մասնակցիլ:
Փեսքով ընդգծած է, որ ճգնաժամի համալիր լուծումը անկարելի է առանց Մոսկուայի եւ Քիեւի համար անվտանգութեան հարցերու քննարկման:
Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է այն բանի վրայ, որ հին աշխարհի մէջ անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը առանց եւրոպացիներու քննարկելը անկարելի է, սակայն զրոյցի սկիզբը պիտի ըլլայ եռակողմ ձեւաչափով:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Ռուսիան պատրաստ է շարունակելու ուքրանական ճգնաժամի լուծման շուրջ հաղորդակցութիւնները: Անոնց նպատակը պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ անվտանգութեան հարցերը լուծել վերջնական տեսքով խաղաղ համաձայնագիրներուն հասնելէ ետք:
Փեսքով նշած էր, որ Փութին տակաւին որոշում չէ տուած բանակցութիւններու նոր փուլի պատուիրակութեան կազմին վերաբերեալ:


