Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, անդրադառնալով Իրանի հետ բանակցութիւններուն, յայտնեց, թէ իրանեան ղեկավարութեան տարբեր մակարդակներու թիրախաւորումէն ետք, այժմ չունի մէկը, որուն հետ բանակցի:

Թրամփ ըսաւ, որ քարիւղի գիները աւելի պիտի նուազին, հազիւ թէ Իրանի մէջ պատերազմը աւարտի` աւելցնելով, որ անցեալ շաբաթ Հորմուզի նեղուցէն անցած քարիւղի քանակը շրջանցած է նախապէս որեւէ շրջանի, ներառեալ նախապատերազմեան շրջանին նեղուցէն անցած քարիւղի քանակը:

«Պէտք էր Իրանին հիւլէական զէնք ձեռք ձգելը արգիլելու համար գործէինք», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Տը Աթլանթիք» պարբերաթերթին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը սերտէ Իրանի դէմ զինուորական իր արշաւը շարունակել` քանի մը օրուան վրայ երկարող հարուածներ շղթայազերծելով:

Պաշտօնատարները նշեցին, որ այդ հարուածները կրնան Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք տեղի ունենալ:

Անոնք յայտնեցին, որ յարձակումին թիրախները կրնան ներառել հրթիռները, անօդաչու թռչող սարքերը, ուժանիւթն ու հիւլէական կառոյցները:

Պաշտօնատարներուն կարծիքով` տնտեսական ճնշումը Իրանը գահավիժումի եզրին կը մօտեցնէ, եւ նոր հարուածները զայն անկումի պիտի մղեն:

Անոնք, սակայն, նշեցին, որ հակառակ այդ առնչութեամբ ցուցանիշերու գոյութեան, ընտրութիւններէն ետք Իրանին հարուած հասցնելու որեւէ որոշում տակաւին չէ տրուած:

«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդականները քուլիսներու ետին պատրաստած են Իսրայէլի հետ ուղղակի համակարգումով զինուորական նոր հարուածներու ծրագիրներ, որպէսզի անմիջապէս կարելի ըլլայ գործադրութեան պատրաստ ըլլալ, անմիջապէս որ Թրամփ միջանկեալ ընտրութիւններէն ետք կանաչ լոյսը տայ:

Ըստ ամերիկացի պաշտօնատարներու, զինուորական նոր ծրագիրները մշակուած են ըլլալու «կարճատեւ, սակայն բուռն» արշաւ մը, որ հիմնականին մէջ կը թիրախաւորէ հիւլէական եւ ուժանիւթի կառոյցները, ինչպէս նաեւ իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռներու մնացեալ զինանոցը:

Ըստ պաշտօնատարներուն, ընտրանքներէն մէկը ամերիկեան զինանոցին մէջ ոչ հիւլէական հզօրագոյն ռումբը եղող «Ռումբերու մօր» օգտագործումն է` երաշխաւորելու համար իրանեան ուժանիւթի ենթակառոյցներու եւ հիւլէական կառոյցներու քանդումը:

Պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Իրան գետնին տակը գտնուող կառոյցներու ճամբով վերսկսած է սահմանափակ թիւով հեռահար հրթիռներու արտադրութեան:

Օրաթերթը աղբիւրներ մէջբերելով նշեց, որ Իրան միջնորդներու ճամբով յայտնած է, որ ամերիկեան նոր յարձակումներու պարագային իր յարձակումները պիտի ընդլայնէ, ներառելով Արաբական ծոցի երկիրները:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ երեկոյեան յայտնեց. «Իրանի հարցը կրնար մեծ արագութեամբ աւարտիլ, եւ ան ձախող պետութիւն է»:

«Իրանի հետ շինիչ բանակցութիւններ կը վարենք, եւ միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ անոր վրայ յարձակում պիտի չգործենք», ըսաւ Թրամփ:

Սուրիոյ եւ Իրաքի հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամ Պարրաք, սակայն, մամուլի հետ հարցազրոյցի ընթացքին զգուշացուց, թէ Իրանի դէմ հարուած մը կրնայ տեղի ունենալ շաբաթավերջի ընթացքին:

Նախորդը

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

RelatedPosts

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
Փութին Պատրաստ Է Եռակողմ Հանդիպումներուն,  Համաձայն Չէ Առաջնագիծի  Սառեցման Եւ Կը Մեղադրէ Քիեւը
Միջազգային

Փութին Պատրաստ Է Եռակողմ Հանդիպումներուն, Համաձայն Չէ Առաջնագիծի Սառեցման Եւ Կը Մեղադրէ Քիեւը

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.