Հինգշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին իւրայատուկ հաւաք մը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի «Սեն Ժաք» համալիրէն ներս` ներկայութեամբ պետական, կուսակցական, միութենական դէմքերու եւ ներկայացուցիչներու եւ մշակութասէր հայ թէ ոչ հայ հոծ բազմութեան:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը ընթացք առաւ Տարիա Խտըշեանի ողջոյնի խօսքով: Ֆրանսերէն լեզուով արտասանած իր խօսքին մէջ տաղանդաւոր արուեստագէտը, ողջունելէ ետք ներկաները, պարզեց նշեալ սրահը «Զարիա՛զ արթ կալըրի» կոչելուն ծալքերը: Ան նշեց, թէ «Զարիա» անուանումը միաձուլումն է հայր ու դստեր` Զաւէնի ու Տարիայի միջեւ հոգեկան աշխարհի սերտ հաղորդականութեան: Ան յուզումնախառն հպարտութեամբ յիշեց իր հօրը` հանրածանօթ քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի ձգած ազդեցութիւնը իր վրայ, որ անուղղակիօրէն ճամբայ հարթած էր փոքրիկ Տարիայի մօտ գեղարուեստական տաղանդի ծլարձակման: Այս առթիւ ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս սրահի բացման իրագործումին, յատկապէս` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, յանձին` քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, որ սիրայօժար հովանաւորեց այս սրահի բացման նախաձեռնութիւնը:
Իրաւաբան Թալին Դարբինեան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անունով արտասանած իր խօսքին մէջ հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բարձր գնահատեց Տարիա Խտըշեանի արուեստի յատուկ սրահի բացման գաղափարը` շնորհաւորելով զինք եւ ընդգծելով, որ նման քայլ մը կը ճոխացնէ Պուրճ Համուտի «Սեն Ժաք» համալիրի զարգացման ծրագիրը` մշակութային նոր հնարաւորութիւններու առիթ ընծայելով: Դարբինեան նաեւ դրուատեց քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի աւանդը` մաղթելով, որ այս սրահի բացումը մշակութային նոր քայլերու, նոր հաւաքներու եւ երկխօսութեան կեդրոն մը դառնայ:
Տարիա Խտըշեան լիբանանահայ արուեստի շրջանակներուն մէջ տաղանդաւոր ծանօթ դէմք է եւ ունի իր յատուկ դրոշմը արուեստի իր զանազան ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն:
«Ազդակ»-ի հարցումերուն պատասխանելով` ան խոստովանեցաւ, թէ արուեստին հետ առնչուած է փոքր տարիքէն, եւ թէ` իր հօր` քանդակագործ, արուեստագէտ Զաւէն Խտըշեանի ազդեցութիւնը եղած է խոր ու հետեւողական: Ան իր արուեստի գործերուն մէջ կը գործածէ այս մարզի յատուկ գրեթէ բոլոր ոճերն ու սարքերը: Ան ազգային գաղափարով կամ Հայոց ցեղասպանութեան յատուկ «գործ մը» չէ ստեղծագործած ցարդ, թէեւ 1915-ին մասնակցած է «Ֆարրա տիզայն սենթըր»-ի կազմակերպած Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հաւաքական ցուցահանդէսին, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուած է նոյն առիթով կազմակերպուած նմանօրինակ ցուցահանդէսներու: Արուեստի աշխարհէն ներս տասնամեակներու իր ստեղծագործութեանց ծիրին մէջ կազմակերպած է անհատական ցուցահանդէսներ ու մասնակցած` հաւաքական զանազան ցուցահանդէսներու: Դասաւանդած է Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայէն ներս` իբրեւ գեղարուեստի ուսուցիչ: Մաս կազմած է նկարչական մրցանքներու դատական կազմի: Անոր մէկ գործը կը գտնենք 2017-ին ԼՕԽ-ի հայազգի արուեստագիտուհիներու գործերուն յատկացուած օրացոյցի ամսական մէկ էջին վրայ: «Օժտուիլ արուեստի տաղանդով` առանց ստեղծագործելու, ըստ ինծի` համազօր է ոճիրի» գրած է Տարիա «Արուեստը փիլիսոփայութիւն է» խորագրեալ իր կարծիքներու ծիրին մէջ:
«Զարիա՛զ արթ սենթըր» («Զարիային արուեստի կեդրոնը») խորագրեալ այս սրահի բացման հաւաքը իւրայատուկ է մէկէ աւելի իմաստներով: Անիկա կու գայ այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ աշխարասփիւռ տարածքներ, յատկապէս` Միջին Արեւելքի մէջ վերջին տարիներուն ընկերային, տնտեսական, ապրուստի կենցաղային, առողջապահական ու ապահովական մտահոգիչ ու անկայուն իրավիճակէ կը տառապին: Մտավախութիւն առթող յուսալքիչ նման պայմաններ ոմանց կրնան մղել «Ուր հաց, հոն կաց» տրամաբանութեամբ արտագաղթելու` աւելի նպաստաւոր պայմաններով կեանք մը վարելու յոյսով: «Զարիա՛զ արթ սենթըր»-ին բացումը առիթ մըն էր անդրադառնալու, թէ լիբանանահայութիւնը ու յատկապէս` անոր սիրտը նկատուող Պուրճ Համուտը տակաւին ազգաբոյր մթնոլորտի մէջ կը շնչէ, կ՛երգէ, կը պարէ ու կը ստեղծագործէ: Իրավիճակ մը, որուն պերճախօս օրինակն է «Զարիա՛զ արթ սենթըր»-ին բացումը: Այս կեդրոնին բացումը եւ հոն ցուցադրուող (ու ցուցադրուելիք) արուեստի գործերը ձեւով մը կը յիշեցնեն սփիւռքահայ, սփիւռքագէտ փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեանի այն վարկածը, թէ հայը, սփիւռքահայը իր, զոհին ու կորուստին (հարազատի, հողի, հայրենիքի կորուստ…) ողբի հոգեցնցումը (trauma) թեթեւցնելու կամ փարատելու ճիգերուն մէջ ստեղծած է, անցեալի իր աշխարհը խորհրդանշող սփոփանքի արուեստի գործեր (կոթող, գեղանկար, քանդակ…):
Թէեւ գրականագէտ Թէօլէօլեան իր տեսութեան շարժառիթն ու հիմնաւորումը կը նկատէ հիմնականին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը, սակայն վերջին տարիներուն գէթ լիբանանեան իրավիճակին գծով որոշ նմանութիւններ կան: 2019-ի ժողովրդային ցոյցերն ու այդ միջոցին կատարուած աւերը, Լիբանանի մէջ ծաւալած «Քովիտ»-ն ու անոր պատճառած զոհերը, չորս օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումն ու պատճառած զոհերը, վիրաւորներն ու աւերը, հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր շրջանին ու յատկապէս լիբանանեան որոշ շրջաններու դէմ կատարուած (ու կատարուող) յարձակումները, այս բոլորը իրենց հետեւանքներն ու բացասական ազդեցութիւնը ունեցան նաեւ լիբանանահայերո՛ւ վրայ:
Այս մասին անդրադարձաւ նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, երբ «Ազդակ»-ի հետ մտերմիկ զրոյցի պահուն յիշեցուց, թէ մօտիկ անցեալին Պուրճ Համուտի «Սեն Ժաք» համալիրը ինչպիսի՛ վիճակի մէջ էր, եւ թէ` Զարիայի նշեալ սրահին բացումը մեծապէս կը նպաստէ այս համալիրի զարգացման գծով քաղաքապետութեան մշակած ծաղկումի ծրագիրի իրականացման: Պօղոսեան նշեց, թէ քաղաքապետութիւնը ճիգ չէ խնայած Զարիայի սրահին բացման իրականացման համար, այն խոր համոզումով, որ նման քայլեր հայաշունչ, խանդավառ մթնոլորտ կը ստեղծեն, կը ներգրաւեն երիտասարդութիւնը եւ կը ճոխացնեն այս շրջանը, իբրեւ բարգաւաճ ու ծաղկող հեռանկարով:
Ս. Գ.




