Մենք կը մօտենանք Ուքրանիոյ պատերազմի կարգաւորման, թերեւս ճիշդ հիմա: Ամէնէն մօտ կէտին հասած ենք: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
Նշենք, որ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարները յայտարարեցին, թէ Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւններուն մէջ «խրախուսական յառաջընթաց» արձանագրուած է, եւ կայ կայուն խաղաղութեան հասնելու կարելիութիւն:
Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, թէ Ռուսիան կ՛աջակցի պատուիրակութիւններու մակարդակով բանակցութիւններուն. Ուքրանիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան կրնան նոյեմբերի սկիզբին եռակողմ բանակցութիւններ կատարել` աւելցնելով. «Ուքրանիան նոյնպէս պատրաստ է»:
Զելենսքի ընդգծեց, որ Ուքրանիան կ՛աջակցի զինադադարին, գերիներու վերադարձին եւ այլ մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն: Միեւնոյն ժամանակ, ան յիշեցուց, որ Ռուսիան բազմիցս համաձայնած է բանակցութիւններուն, սակայն հետագային իր դիրքորոշումը փոխած է:
Ուքրանիոյ նախագահը ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է սառեցնելու ներկայ ռազմաճակատի գիծին վրայ զինուորական գործողութիւնները, որովհետեւ ատիկա հակամարտութիւնը աւարտելու «իրատեսական» ուղի է:
«Մենք ատիկա կը կոչենք «կրակոցի դադրեցում» կամ «սպանութիւններու դադրեցում», ինչպէս նախագահ Թրամփը կ՛ըսէ: Սառեցնել եւ կանգնեցնել: Եւ, անշուշտ, ասիկա նուազագոյնն է, որ մենք այսօր կ՛ակնկալենք Ռուսիայէն: Ատկէ ետք, ի հարկէ, մենք պիտի դիմենք Միացեալ Նահանգներու նախագահին ու եւրոպացիներուն եւ պիտի խնդրենք անվտանգութեան երաշխիքներ: Սակայն կարեւորագոյնը խաղաղութիւնն է: Ինչպէս նաեւ անվտանգութիւնը», ըսաւ Զելենսքի:
«Մեզի անհրաժեշտ է, որ իրենց տուները կորսնցուցած եւ արտասահման գտնուող 9,5 միլիոն մարդ վերադառնայ Ուքրանիա` պարզապէս ապրելու եւ իր երկիրը կառուցելու համար», նշած է ան:


