Ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ երէկ հասաւ Ս. Փեթերսպուրկ` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու վերաբերեալ բանակցութիւններ վարելու համար:
Ամերիկեան աղբիւրներ հաղորդեցին, որ ան Ռուսիոյ նախագահին Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու վերաբերեալ առաջարկներ պիտի ներկայացնէ:
Ուիթքոֆ երէկ Ռուսիա մեկնեցաւ Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ իր հանդիպումէն ետք:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ երէկ նշեց, թէ Զելենսքիի հետ Ուիթքոֆի ժողովը դրական էր, եւ ան այդ ժողովին արդիւնքները պիտի ներկայացնէ Ռուսիոյ` աւելցնելով, որ ամերիկացի պատուիրակը իր ռուս պաշտօնակիցներուն հետ շատ դժուար բանակցութիւններ պիտի վարէ:
Ամերիկացի պատուիրակ Ուիթքոֆ Փութինի հետ իր հանդիպումի ընթացքին նշեց, որ «գոյութիւն ունի հիմք մը, որուն վրայ կարելի է կառուցել Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի հասնելու»` Ռուսիոյ նախագահին շնորհակալութիւն յայտնելով «ամերիկացի քաղաքացի Սթիւըն Հապըրտի ազատ արձակման համար»:
«Մեզի հետ բերած ենք փաստաթուղթեր, որոնք ուքրանական տագնապի կարգաւորման կարելիութիւններ կը բովանդակեն», յայտնեց Ուիթքոֆ:
«Կը յուսանք, որ Փութին քննէ շարունակումը ռուս-ամերիկեան-ուքրանական բանակցութիւններուն, որոնց ընթացքին կարելի է թեքնիք հարցերը քննարկել», ըսաւ ան:
Փութին իր կարգին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը մեր վերջին զրոյցի ընթացքին կեդրոնացաւ մարդկային կորուստները դադրեցնելու համար Ուքրանիոյ հակամարտութեան վերջ տալու անհրաժեշտութեան վրայ»:
Ռուսիոյ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Թրամփին` «Ուքրանիոյ մէջ կարգաւորման հարցով հետաքրքրուելուն համար»:
«Ռուսիան հետաքրքրուած է Միացեալ Նահանգներու հետ տնտեսական գործակցութեան վերականգնումով, հետաքրքրուած է իրանեան տագնապի գնահատումներով եւ պատրաստ է այդ տագնապի կարգաւորման օգնելու», նշեց Փութին:
Քրեմլին յայտարարեց. «Փութինի եւ Ուիթքոֆի Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ունեցած բանակցութիւնները խորքային էին, եւ Ճարետ Քուշներ անոնց միացաւ հեռաձայնով»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտարարեց, որ Ռուսիան համաձայն գտնուեցաւ Ուքրանիոյ հետ թեքնիք մակարդակով եռակողմ ժողով գումարելուն:
Օսլոյի Ժողովը
Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ քննարկումներուն մասնակցեցան ամերիկացի պաշտօնատարներ Սթիւ Ուիթքոֆն ու Ճարետ Քուշները եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին` մասնակցութեամբ եւրոպացի պաշտօնատարներու: Ժողովի ընթացքին ջանք թափուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Զելենսքիի միջեւ լարուածութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու` նկատի ունենալով, որ Քիեւ բողոքած էր, թէ Մոսկուայի հետ մազութի համաձայնութիւնը կը խանգարէ ամերիկեան զինուորական մատակարարումները, ներառեալ հետախուզական գործակցութիւնը, որուն դադրեցումը ռուսական յարձակումներուն դէմ դնելու ուքրանական բանակի կարողութիւնը խափանեց:
Նորվեկիոյ վարչապետ Եոնաս Կար Սթոր ըսաւ, որ Օսլոյի ժողովը լաւ ու կառուցողական էր, եւ կրնայ ճամբայ հարթել հետագային ղեկավարներու մակարդակով այլ ժողովի մը գումարման:
Ֆինլանտայի նախագահ Ալեքսանտր Սթափ իր կարգին յայտարարեց. «Խաղաղութեան հոլովոյթը իր ճիշդ ուղիին վերադարձաւ»:
«Աքսիոս» հաղորդեց, որ Օսլոյի քննարկումները կեդրոնացած էին պատերազմի աւարտին ուղղուած շրջագծային համաձայնագիրի միասնական առաջարկի մշակման վրայ, եւ մէջբերեց ամերիկացի պաշտօնատարի մը այն խօսքը, թէ կողմերը զգալի յառաջընթաց արձանագրած են եւ այժմ աշխատանքային խումբի մակարդակով յաջորդ քայլերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը ամերիկեան կայքին յայտնեց, որ Ուքրանիան ներկայացուցած է նոր գաղափարներ ու առաջարկներ, որոնք մանրամասն կերպով քննարկուած են: «Կը յուսանք, որ նոր առաջարկը յանգեցնէ եռակողմ ուղղակի բանակցութեան եւ բազմակողմ աւելի լայն բանակցութիւններու ճամբու հարթման», նշած է պաշտօնատարը:


