Քրեմլին յայտարարեց, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի ու չին պաշտօնակից Շի Ճինփինկի միջեւ ժողով մը «կը պատրաստուի»:
Ռուսիոյ նախագահի խորհրդատու Եուրի Ուշաքով լրագրողներուն յայտնեց. «Հաւանական ժողովի մը պատրաստութիւնը կը տեսնուի, անիկա Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ իր տեսակին մէջ առաջինը պիտի ըլլայ»` աւելցնելով, որ նպատակը ժողովը յառաջիկայ ամիս Չինաստանի մէջ Ասիա-Խաղաղական ովկիանոս վեհաժողովի ծիրին մէջ ներառելն է:


