Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ շաբաթ օր պիտի սկսի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի հաւաքականին համար այս մրցաշարքը ոչ միայն այս տարեշրջանի կարեւորագոյն իրադարձութիւնն է, այլեւ Լոս Անճելըսի 2028-ի Ողիմպիականի խաղերուն նախապատրաստուելու կարեւոր փուլ:
2026 թուականի աշխարհի ախոյեանութիւնը պիտի ըլլայ վերջին մեծ մրցաշարքը` Ողիմպիականի զտումներէն առաջ: 2028-ի Ողիմպիական խաղերու զտումները տեղի կ՛ունենան 2027-ին Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունենալիք մրցաշարքին, ուր ողիմպիական բոլոր 18 կշիռներու կարգերու մետալակիրները կը նուաճեն ողիմպիական ուղեգիր:
Յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցումներուն, Մալխաս Ամոյեան իր տիտղոսը պաշտպանելու համար պիտի խաղայ, մինչ Սուրէն Աղաջանեան շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ թեկնածու է ոսկի մետալ շահելու:
Ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն, Արսէն Յարութիւնեան եւ Վազգէն Թեւանեան բաւական փորձառութիւն ձեռք ձգեցին եւ անգամ մը եւս գլխաւոր թեկնածուներէն են մետալներ աւելցնելու Հայաստանի հաւաքականին համար:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայաստանի հաւաքականը ներկայացնող մարզիկները.
ԱԶԱՏ ՈՃԻ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ
57 քկ – Մանուէլ Խնձրցեան
61 քկ – Արսէն Յարութիւնեան
65 քկ – Վազգէն Թեւանեան
70 քկ – Արման Անդրէասեան
74 քկ – Նարեկ Յարութիւնեան
79 քկ – Հրայր Ալիխանեան
ՅՈՒՆԱՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ
55 քկ – Նորայր Ախոյեան
60 քկ – Սուրէն Աղաչանեան
63 քկ – Կարէն Ասլանեան
67 քկ – Սլաւիկ Գալստեան
72 քկ – Աշոտ Խաչատրեան
77 քկ – Մալխաս Ամոյեան
82 քկ – Սամուէլ Գրիգորեան
87 քկ – Գէորգ Թադեւոսեան
97 քկ – Հայկ Խլոյեան
130 քկ – Ռազմիկ Քուրդեան


