Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատիւ Եւ Յարգանք Արժանաւորին. Իրմային Յիշատակին

October 22, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Այսօր երեկոյեան լիբանանահայութիւնը ժամադրուած է «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ` իր յարգանքի եւ երախտագիտութեան տուրքը մատուցելու տասնեակ տարիներ նոյն սրահի բեմին վրայ, ինչպէս նաեւ գաղութային այլ մշակութային նախաձեռնութիւններու իր սիրայօժար եւ պատրաստակամ մասնակցութիւնը բերած, սփիւռքահայ ժամանակակից ասմունքող վարպետ Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանին: Օրին, անոր անսպասելի մահուան առիթով կարելի չեղաւ արժանի յարգանքը մատուցել,  եւ ան իր աչքերը փակեց իր սիրելի Լիբանանէն հեռու: Այսօր, ահաւասի՛կ, առիթը կ՛ընձեռուի մեզի այդ յարգանքը մատուցելու:

Իրմայի վաստակը մեծ է լիբանանահայ կեանքի մշակութային, կրթական եւ ռատիօ- հաղորդավարութեան բնագաւառներու մէջ: Անոր ասմունքը կը մագնիսացնէր հանդիսատեսը, կը յղէր հարազատ պատգամը, ինչպէս նաեւ կը մեծարէր հեղինակները: Թատրոնի մէջ անոր հեղինակաւոր ներկայութիւնը կը հարստացնէր ընդհանուր խաղարկութիւնը եւ կը ստեղծէր համապատասխան շարժում դերասաններուն մօտ: Իրմայի առաւօտեան ռատիօ-հաղորդումները ու իր անփոխարինելի «Բարի լոյս»-ը իբրեւ նշխար կը բաժնուէր բոլորին եւ կը դառնար` ուրախութեան արտայայտիչ, ցաւերու սփոփիչ, մտահոգութեանց փարատիչ եւ, վերջապէս,  յուսալից օրուան մը քաղցր ձայն: Ուսուցչական ասպարէզին մէջ իր երկարամեայ ծառայութիւնը նաեւ  անմասն չի մնար իր վաստակէն եւ կոչումէն:

Այսօր Իրմային մեր մատուցած յարգանքով փաստօրէն մեծարած պիտի ըլլանք անոր տարիներու վաստակը, զոհաբերութիւնը եւ ներդրումը լիբանանահայ կեանքին մէջ: Այսպիսի արժէքներու նկատմամբ մեր մօտեցումը, անկախ ենթակային հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքէն` աւելի խորիմաստ պատգամ կը պարփակէ: Հանրային ու հաւաքական ծառայութեան մէջ այսպիսի տիպարներու օրինակը պէտք է դառնայ համակող, որպէսզի հայութեան ազգային արժէքները մնան իրենց հարազատ պատուանդանին վրայ: Կամաւորական այս ծառայութեան ոգին պէտք է պահել գերիշխող այսօրուան այլասերիչ ու հաշուենկատ միջավայրին մէջ, ուր շատ բան դարձած է առեւտուր:

Ահաւասիկ անձ մը, որ իր ծառայութիւնը մատուցեց` առանց դոյզն ակնկալութեան, եւ իր հոգեկան գոհունակութիւնը ապրեցաւ հանդիսատեսին եւ ունկնդիրին` իրեն տուած գնահատանքով ու ծափահարութեամբ:

Վստահաբար պիտի չզլանանք աւելի քան 40 տարիներ համայնքին ծառայած ազնիւ հայորդի մը յարգելու համար միայն մէկ ժամ զոհելու մեր առօրեայէն, որպէսզի ոչ թէ միայն յարգած ըլլանք զինք, այլ անգամ մը եւս լեցուինք ներքին հպարտութեամբ ու ոգեւորութեամբ եւ դարձեալ վկայենք, որ մեր միջավայրը միշտ ալ հայ կեանքին ձօնած է տաղանդներ եւ ականաւոր դէմքեր:

Այսօր դարձեալ առիթը տրուած է մեզի հանդիպելու Իրմային հետ: Չփախցնենք այս առիթը:

 

 

 

 

Նախորդը

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ը Բացաւ Իր 2026-2027 Կրթական Տարեշրջանը

Յաջորդը

Իրմային Համար

RelatedPosts

Իրմային Համար
Անդրադարձ

Իրմային Համար

October 22, 2026
Երկու Դիտարկումներ
Անդրադարձ

Երկու Դիտարկումներ

October 20, 2026
Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը
Անդրադարձ

Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.