Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Պատրաստ եմ Չինաստանի մէջ Փութինի եւ Շիի հետ հանդիպում ունենալու, եւ մենք Ռուսիոյ հետ կը բանակցինք Իրանի, Ուքրանիոյ, պատանդներու եւ մազութի» հարցերով:
Յիշեցնենք, որ աղբիւրներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած էին, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին առաջարկած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ յառաջիկայ ամիս եռակողմ հանդիպում ունենալ` քննարկելու համար Ուքրանիոյ տագնապը:
Աղբիւրները յայտնած են, որ ռուս պաշտօնատարներ այս գաղափարը ներկայացուցած են Փեքինին, եւ չինական կողմը նշած է, որ դէմ չէ, եթէ Թրամփ անոր համաձայն է:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հաստատած էր, որ Ուքրանիոյ հակամարտութեան քննարկման նպատակով երեք նախագահներու հանդիպումը կը քննարկուի:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաօ Նին, սակայն, յայտարարեց, թէ Փեքին Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներու հաւանական հանդիպման մասին տեղեկութիւն չունի:


