Կազմակերպութեամբ «Գարակէօզեան» հաստատութեան, ուրբաթ, 9 հոկտեմբեր 2026-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ` գործակցաբար ՄԱԿ-ի Տնտեսութեան եւ ընկերային հարցերու խորհուրդի (ԷՔՈԶՕՔ-ECOSOC) խորհրդական կազմակերպութիւններէն` ՕՔՍՖԱՄ-ի եւ Դանիոյ բարեսիրական դրամահաւաքին, երկու հարիւր կիներուն համար կազմակերպուած «Սնունդի հասանելիութիւն եւ խաղաղ համակեցութիւն» խորագիրով ճաշի եւ բժշկական խտացեալ իննամսեայ դասընթացքի ամբողջացման նուիրուած: Լիբանանեան մարդագրական խճանկարին տարբեր շերտերէն կիններու ու յատկապէս մեծամասնութեամբ հայուհիներու մասնակցութեամբ կայացած այս իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը խաղաղ գոյակցութեան ու համակեցութեան պերճախօս օրինակ մը նկատուեցաւ հանրութեան կողմէ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան ողջունեց ներկաները եւ սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ` ձեռնարկի առիթին, անոր նպատակին ու անոր ընդգրկած գլխաւոր բաժիններուն: Արաբերէն ու ապա հայերէն լեզուներով իր ողջոյնի խօսքին մէջ Օհանեան բարձր գնահատեց հաստատութեան նախաձեռնած իննամսեայ ծրագիրին մասնակիցներու իրագործումը: «Այսօր եկած ենք տօնելու եւ գնահատելու ոչ միայն անհատը, այլ նաեւ` անոր կարողութիւններն ու ունակութիւնները եւ յառաջդիմելու յանձնառութիւնը», ընդգծեց Օհանեան: «Առողջ մանուկը, երիտասարդն ու ժողովուրդը կը կազմեն ընկերութեան կորիզը», շեշտեց ան` թուելով այս հաստատութեան աւելի քան 85-ամեայ գործունէութեան հիմնական իրագործումները: Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս վեց հազար կարիքաւոր հիւանդներու հոգածութեան կը հսկեն հաստատութեան 250 բժիշկներ ամսական դրութեամբ` անոնց մատուցելով բժշկական յատուկ խնամք: Օհանեան շեշտեց, որ իրաքանչիւր ծառայութիւն իր դրական հետքն ու դրոշմը կը ձգէ ամէնուրեք: Օհանեան այս առթիւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի իրագործման ու յաջողութեան նպաստած բոլոր անձերուն, յատկապէս` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանին եւ առողջապահութեան նախարարութեան:
Ապա յաջորդաբար խօսք առին` «Գարակէօզեան» հաստատութեան գլխաւոր գրասենեակի, Նիւ Եորք կեդրոնի գործադիր տնօրէն Իրինա Լազարեան, ՕՔՍՖԱՄ-ի ներկայացուցիչը, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, «Գարակէօզեան» հաստատութեան խնամակալութեան երկարամեայ, վաստակաւոր անդամ Սօսի Պալեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան եւ նշեալ հաստատութեան համայնքային զարգացման բաժինի համակարգող Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեան:
Այս ձեռնարկին առիթով յատուկ Լիբանան ժամանած «Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնի` Նիւ Եորքի գլխաւոր գրասենեակի վարչական տնօրէն Իրինա Լազարեան անգլերէն լեզուով ողջունեց ներկաները եւ սեղմ տողերու մէջ անդրադարձաւ 1921-ին հիմնուած այս հաստատութեան պատմական իրագործումներուն` նշելով, որ իբրեւ բարեսիրական հիմնադրամ սկսելով` աւելի քան դար մը ետք տակաւին կը գործէ աշխուժօրէն: «Այսօր հոս ենք տօնելու այս հաստատութեան նոր ծրագիրի մը յաջողութեամբ իրագործումը», ընդգծեց Լազարեան` շնորհաւորելով մասնակից կիները եւ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն:
ՕՔՍՖԱՄ-ի ներկայացուցիչը արաբերէնով հակիրճ տողերու մէջ թուեց այս կազմակերպութեան մատուցած ծառայութիւնները Լիբանանի մէջ: Ան խիստ բարձր գնահատեց վկայեալ կիներու պատրաստակամութիւնը` յառաջդիմելու, զարգանալու եւ զարգացնելու դիտել տալով, թէ իննամսեայ այս ծրագիրի ընթացքին ՕՔՍՖԱՄ երկու հարիւր ընտանիքներու ամսական նիւթական նպաստ տրամադրած է:
Նշենք, որ ՕՔՍՖԱՄ, թէեւ ՄԱԿ-ի անդամ կազմակերպութիւն չէ, սակայն կը գործակցի ոչ կառավարական միջազգային քսանմէկ կազմակերպութիւններու հետ եւ 1993-էն ի վեր կը գործէ Լիբանանի մէջ` նպաստներ բաժնելով կարիքաւորներուն եւ հոգալով իրաւազրկուածներու իրաւական հոգածութիւնը:
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան արաբերէն լեզուով ողջունեց ներկաները եւ անդրադառնալով ձեռնարկի շարժառիթին` յայտնեց, որ սնունդի թէ բարգաւաճման մասին խօսիլ կարելի չէ անկախաբար մարդու արժանապատուութենէն, ոչ ալ կարելի է խօսիլ կայունութեան մասին, անկախաբար իւրաքանչիւր ընտանիքի արժանապատիւ կեանք ապահովելու կարողութենէն: «Այսօր այս հանդիպումը իր լուսարձակը կեդրոնացուցած է կնոջ վրայ` որպէս մասնակից աշխատանքի, արդիւնաբերութեան եւ տոկունութեան», ընդգծեց նախարար Պայրագտարեան, յատկապէս ողջունելով օրուան նախաձեռնութիւնը, որ յոյսի ու անհատական անկախութեան խրախուսիչ մթնոլորտի ու տարածքի ենթահող կը պատրաստէ: Ան շեշտեց, որ կինը կարողականութեամբ օժտելն ու զայն հզօրացնելը ներդրում է ընտանիքին ու անոր էութեան մէջ: «Հզօրացման, սնունդի, անվտանգութեան եւ դիմադրողականութեան համադրումը մէկ նախաձեռնութեան մէջ կը կրէ խորիմաստ պատգամ», շեշտեց Պայրագտարեան: «Բազմազանութիւնը բաժանումի պատճառ չի կրնար ըլլալ եւ համակեցութիւնը չ՛առաջադրեր միայն քով-քովի ըլլալ, այլ նաեւ` յարգել դիմացինին դաւանանքն ու իրաւունքը», ըսաւ նախարարը` անհրաժեշտ նկատելով արժանապատուութեան, իրաւունքներու եւ հասարակաց պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը:
«Խաղաղութիւնը կը սկսի` ամէնօրեայ մանրամասնութիւններէն, մարդոց կեանքի դիմակալման զօրութենէն, կարողականութենէն», ընդգծեց ան: Նախարարը նաեւ դրուատեց ձիթապտուղի ծառատնկումի գաղափարը` անոր մէջ նկատելով յոյսի, մշակոյթի եւ համակեցութեան գեղեցիկ խորհրդանիշ: Մարդկային ապահովութեան վերաբերեալ Պայրագտարեան անդրադարձաւ ՄԱԿ-ի երեք հեռանկարներու` մէջբերելով ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անանի հազարամեակի հանդիսութեան իր ուղերձին մէջ նշած կէտերը` ձերբազատում վախէն, ձերբազատում կարիքէն եւ արժանապատիւ կեանքի իրաւունք: Փաստօրէն, անհատը կը զրկուի այս երեքէն, եթէ վտանգուած է անոր սնունդը, բնակարանը կամ օրապահիկի աղբիւրը: «Արդ, սննդականոնի անվտանգութիւնը մէկ մասնիկն է մարդկային ապահովութեան, անոր արժանապատիւ ու պարկեշտ ապրելակերպին եւ տագնապներու հետեւանքներու շրջանցման», ընդգծեց նախարար Պայրագտարեան: «Դուք այս ծրագիրին չէ, որ մաս կը կազմէք միայն, այլ` ձեր ուզած Լիբանանի երթին, փորձելով մարտահրաւէրները վերածել աւելի արժանապատիւ ու նպաստաւոր առիթներու», եզրափակեց Պայրագտարեան` խօսքը ուղղելով վկայեալ կիներուն:
Ապա «Գարակէօզեան» հաստատութեան համայնքային զարգացման բաժինի համակարգող Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեան դրուատեց դասընթացքին մասնակցած կիներուն պատրաստակամութիւնը` յառաջդիմելու եւ օգնելու իրենց ընտանիքին:
Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան` ողջունելով ներկաները եւ շնորհաւորելով վկայեալ ինները, բարձր գնահատելով անոնց յանձնառութիւնը, որոնք իրենց ընտանիքներուն սիրոյն զարգացման նոր քայլերու մասնակցելու յանձնառութիւնը կ՛առնեն ծառայելու համար իրենց ընտանիքին ու ազգին: Սրբազան հայրը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան, որ` «Մեր համայնքի կեանքի ամրութեան համար կարելին ի գործ կը դնէ, մասնաւորապէս երբեմն մեզ իրարու մօտ համախմբելու առիթներ կը ստեղծէ»: Ան նաեւ մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ աղէտները հեռանան, ապահովութիւնն ու կայունութիւնը առաւել եւս ամրագրուին, «որպէսզի բնականոն կեանքի պայմաններուն մէջ նոր վերելք ու նոր ամրութիւն ստեղծենք»:
Իր կարգին, «Գարակէօզեան» հաստատութեան խնամակալութեան վաստակաւոր, երկարամեայ անդամ Սօսի Պալեան իր սրտի խօսքն ուղղեց` պարզելով այս առիթով ծառատունկի իր նախաձեռնութեան գաղափարը, անոր շարժառիթն ու նպատակը: Ան այս առթիւ շուրջ կէս ժամ անգլերէն լեզուով մանրամասնօրէն պարզեց` ձիթապտուղի ծառին կարեւորութիւնը, հոգածութեան միջոցները, օգուտները եւ անոր խորհրդանշական իմաստը:
Աւարտին ներկաները ուղղուեցան հաստատութեան մուտքի բաժինը, ուր Սօսի Պալեան եւ հիւրերը կատարեցին ձիթապտուղի ծառին ծառատնկումի արարողութիւն:
Այս առթիւ ներկաներուն տրամադրուեցաւ նշեալ դասընթացքներուն մասնակիցներուն կողմէ պատրաստուած զանազան ճաշատեսակներու արաբատառ խոհագիրներ ընդգրկող յատուկ գրքոյկէն օրինակներ:




