Աւստրալիոյ մէջ, Պրիզպեն քաղաքը հիւրընկալեց 70-էն եւ 80-էն վեր մոնտիալները:
Վեթերաններու մոնտիալի աւարտականին Գերմանիա 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Միացեալ Նահանգները. «Բոլորս կարմիր այտեր ունինք եւ արեւէն բաւական գոյն առած: Ատիկա չկրցաւ նուազեցնել մեր պայքարի ոգին», ըսաւ Միքայէլ Ռաթշ, որ Հերթա Պերլինի վեթերան մարզիկ է:
Առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուած 80 տարեկանէն վեր Մոնտիալի վեթերանները մէկ օրուան ընթացքին երկու մրցումներ պէտք է կատարէին խմբակներէն դուրս գալու կիսաւարտական եւ աւարտական: Գերմանիոյ ամէնէն դժուար մրցումը Ճափոնի դէմ էր խմբակներու գծով, ուր Գերմանիա 2-1 արդիւնքով մեծ դժուարութեամբ յաղթած էր: Ճափոն վեթերաններու մասնաւոր ախոյեանութիւն ալ ունէր, եւ այդ պատճառով ալ շատ աւելի պատրաստ էին այս ձեւի մրցումներու:
Գերմանիոյ խումբը, որ անցեալ տարի 75 տարեկանէն վեր Մոնտիալը շահած էր պարտութեան մատնելէ ետք Անգլիան, աւելի կեդրոնացած էր մրցաշարքի նպատակին վրայ, քան արդիւնքին:
«Պէտք է կեդրոնանանք, որ աւելի մեծ թիւով մեծ տարիքով մարտիկ մարզանք կիրարկեն», ըսաւ Ռաթշ:
Այժմէն իսկ նպատակ կայ կազմակերպելու Եւրոպայի ախոյեանութիւն (Եուրօ) եւ միջազգային մրցումներ տարեց մարզիկներու համար:


