Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ կապ հաստատած է բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ռայետ Ապտալլայի հետ եւ բարձր գնահատած անցնող օրերուն ընթացքին Մեծն Պէյրութի մէջ զինեալ ուժերու տեղակայման ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ շեշտած է կարեւորութիւնը հանգստացնելու քաղաքացիները, թէ պետութիւնն ու անոր զինեալ ուժերը կը հսկեն իրենց անվտանգութեան ու ապահովութեան վրայ` մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած հաւաքներէն ետք, որոնք իրենց պարունակած վտանգներուն շուրջ մտավախութիւններ ստեղծած են:
Ան նաեւ ըսաւ, թէ ժողով գումարած է արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսարի եւ ընդհանուր դատախազ Ռամի Հաժի հետ` հետեւելու մեղսակիցներու կալանաւորման համար Տահր Պայտարի մէջ եւ անկէ ետք գրաւուած պայթուցիկ նիւթերու հետաքննութեան ընդլայնման առնչութեամբ որդեգրուած քայլերուն:
«Այս առիթը կ՛օգտագործեմ բոլորին կոչ ուղղելու, որ անհրաժեշտ է երկրին շահը ամէն բանէ վեր դասել եւ զայն որեւէ արտաքին շահի կամ նպատակներուն չկապել: Վերստին կը շեշտեմ, որ պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումը պէտք է մնայ միայն պետութեան ու անոր սահմանադրական հաստատութիւններուն ձեռքը», նշեց Սալամ:


