«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին առաջարկեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ յառաջիկայ ամիս եռակողմ հանդիպում ունենալ` քննարկելու համար Ուքրանիոյ տագնապը»: Այս մասին հաղորդեց «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը` վկայակոչելով աղբիւրներ:
Աղբիւրները յայտնած են, որ ռուս պաշտօնատարներ այս գաղափարը ներկայացուցած են Փեքինին, եւ չինական կողմը նշած է, որ դէմ չէ, եթէ Թրամփ անոր համաձայն է:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հաստատեց, որ Ուքրանիոյ հակամարտութեան քննարկման նպատակով երեք նախագահներու հանդիպումը կը քննարկուի:
Ան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին ըսած է. «Տակաւին յստակ պատկերացում չկայ ո՛չ հանդիպման, ո՛չ ալ ատոր հաւանական օրակարգին վերաբերեալ, թէեւ երեք կողմերն ալ կ՛ընդունին նման հանդիպում կատարելու տեսական կարելիութիւնը»:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաօ Նին յայտարարեց, թէ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներու հաւանական հանդիպման մասին տեղեկութիւն չունի:
«Այս հարցին վերաբերեալ ես տակաւին չունիմ տեղեկութիւն, որ կրնայի տրամադրել», ըսած է ան` ի պատասխան արեւմուտքցի լրագրողի խնդրանքին` մեկնաբանելու Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ նման հանդիպման կարելիութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, որ կը քննարկուի Ասիական-խաղաղովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան Չինաստանի վեհաժողովի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հանդիպման կարելիութիւնները:
«Կը կարծեմ` հանդիպման մասին խօսակցութիւններ եղած են: Չեմ գիտեր` որեւէ բան համաձայնեցուա՞ծ է, թէ՞ ոչ, սակայն նախագահը յստակ հասկցուցած է. ան կ՛ուզէ աւարտել Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ հակամարտութիւնը», ըսաւ ան:


