Հայ խառն մենամարտերու («Էմ. Էմ. Էյ.») մարտիկ Դաւիթ Մգոյեան տպաւորիչ վաղաժամ յաղթանակ արձանագրեց «Ռքենա Փի. Էֆ. Էլ.» մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ:
22 տարեկան հայ մարզիկը փետուր կշիռի (մինչեւ 66 քկ) կարգին մէջ մրցեցաւ ամերիկացի Ասա Թեն Փաուի դէմ:
Մգոյեան երկու վայրկեանէն նուազ պէտք ունեցաւ յաղթելու: Հայ մարզիկը խեղդող հնարքով ստիպեց մրցակիցին, որ յանձնուի: Իրաւարարը 1 վայրկեան 55 երկվայրկեանէն վերջ տուաւ մրցումին, մինչ Մգոյեանի յաջորդական երրորդ յաղթանակն էր պարտութենէ մը ետք: Այժմ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի անոր հաշուոյն կայ 10 յաղթանակ եւ մէկ պարտութիւն:
Իր վերջին մրցումին, Մգոյեան անցեալ մայիսին կրցած էր յաղթել «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախկին ախոյեան Ալպերթ Մորալեսին:


