Շաբաթ օր Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Փորթուգալի եւ Իտալիոյ մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան կեանքի պայմաններու թանկացման դէմ: Պրիւքսելի եւ Միլանոյի մէջ բախումներ տեղի ունեցան ցուցարարներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ, իսկ Ֆրանսայի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերուն մասնակցած են շուրջ 550 հազար անձեր, որոնցմէ 110 հազարը` մայրաքաղաք Փարիզի մէջ: Այս մասին յայտնած է երկրի ներքին գործոց նախարար Լորան Նունիես: Աշխատաւորական միութիւններու տուեալներով` ցուցարարներուն թիւը հասած է 800 հազարի:
Քանի մը շաբաթէ ի վեր Ֆրանսայի մէջ շարունակուող ցոյցերը շաբաթ օր շարք մը քաղաքներու մէջ վերածուեցան ոստիկանութեան հետ բախումներու: Վարչապետ Սեպասթիեն Լըքորնիւի համաձայն, անկարգութիւններու ընթացքին ձերբակալուած է 1200 մարդ, վիրաւորուած` 150 ոստիկան:
Փարիզի, Լիոնի եւ Սթրազպուրկի մէջ ոստիկանները ցուցարարներու դէմ արցունքաբեր կազ օգտագործած են: Մայրաքաղաքին մէջ բախումներուն զուգահեռ տեղի ունեցաւ խանութներու թալան, իսկ Մարսէյի մէջ ցուցարարները ներխուժեցին քաղաքապետարանի շէնք, վնաս հասցուցին խանութներու եւ փորձեցին մուտք գործել ոստիկանութեան կեդրոն:
Լիոժի մէջ ցուցարարները հրկիզեցին 143 տարուան պատմութիւն ունեցող քաղաքապետարանի շէնքը, որուն աշտարակը հրդեհի հետեւանքով փլուզուեցաւ:
Ցոյցերու մասնակիցներու թիւը զգալիօրէն գերազանցեց իշխանութիւններուն կանխատեսումները: Նախապէս Փարիզի մէջ շուրջ 40 հազար ցուցարար կը սպասուէր, իսկ միւս շրջաններուն մէջ` 150 հազար:
Բախումներու լոյսին տակ, Ֆրանսայի կառավարութիւնը շաբաթ երեկոյեան արտակարգ խորհրդակցութեան նիստ գումարեց: Վարչապետ Լըքորնիւ անկարգութիւններուն համար մեղադրեց ծայրայեղ ձախ խմբաւորումները` յայտարարելով, որ իշխանութիւնները պիտի չարտօնեն բռնութեան միջոցով քաղաքական օրակարգ պարտադրել:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւս դատապարտեց բռնութիւնները: Ան «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Մեր հանրապետութեան մէջ բռնութեան համար տեղ չկայ: Անոնք, որոնք աւերումներ կատարած են, յարձակած պետական կառոյցներու եւ խանութներու վրայ, թալանած նոյնիսկ քաղաքապետարանները, պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին եւ պիտի պատժուին»:
Ցուցարարները Փարիզի փողոցներուն մէջ երթ կատարած են հետեւեալ կարգախօսով. «Լուդովիկոս ԺԶ.-ն գլխատուած է: Մաքրո՛ն, Մաքրո՛ն, մենք այդ մէկը կրկին պիտի ընենք»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անդրադառնալով ցոյցերուն` յայտարարեց. «Ներգաղթը կործանած է Ֆրանսան: Իշխանութիւնները պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ փակեն սահմանները»:
«Ֆրանսան կ՛այրի: Ամբողջովին այլ աշխարհէ մարդիկ, որոնց սրտերը ատելութեամբ լեցուն են, քայքայած են այս ժամանակի մեծ երկիրը: Փակեցէ՛ք սահմանները եւ վերահսկողութեան տակ առէ՛ք կացութիւնը, քանի տակաւին ուշ չէ»:


