Շաբաթ, 17 հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, «Վանայ Ձայն»-ի հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական ճաշկերոյթ` մասնակցութեամբ հայրենի երգիչներ Լիանա եւ Կարէն Զաքարեաններու:
«Վանայ Ձայն»-ի հիմնադրութեան 40-ամեակը եղաւ առիթ անգամ մը եւս հաստատելու, որ ձայնասփիւռի այս կայանը կը մնայ սփիւռքահայութեան հարազատ ձայնը:
Բացումը կատարեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, խօսքեր առին «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, ցուցադրուեցաւ «Վանայ Ձայն»-ի 40-ամեայ երթը ներկայացնող տեսերիզ մը, իսկ հայրենի երգիչներ Լիանա եւ Կարէն Զաքարեաններ ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ` ներկայացնելով ժողովրդային, աշուղական եւ ազգային-հայրենասիրական երգեր: 40-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ հանգանակութիւն:
«Վանայ Ձայն»-ի հիմնադրութեան 40-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան մանրամասնութիւնները` հետագային:


