Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Պաղտատի մէջ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունենալով քննարկումներ կատարած են:
Ըստ լրատու գործակալութեան, քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ առկախ հարցերն ու շրջանային զարգացումները:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Երկարատեւ հանդիպումի ընթացքին տարբեր նիւթերու շուրջ անկեղծ քննարկում տեղի ունեցաւ, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ առկախ մնացած հարցերու կարելիութիւններուն»:
Ռաժժի Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Իրանէն կը պահանջենք, որ դադրեցնէ կառավարութեան որոշումներուն ուղղուած իր մարտահրաւէրները եւ դադրի Հըզպալլային զէնք ու գումարներ մատակարարելէ»:


