Վ. ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ
Երեք ներկայացում, երեք օր լեցուն սրահ, աւելի քան 1200 հանդիսատես: 9, 10, 11 հոկտեմբեր, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի «Դող` սիրտը գող» կատակերգութիւնը` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ:
Անցեալ շաբաթավերջին թատրոնը կարծես կրկին գտած էր իր հին կախարդանքը:
Ծիծաղ, ծափահարութիւններ, ուրախ դէմքեր եւ ներկայացումէն ետք գոհունակութեամբ տուն վերադարձող հանդիսատեսներ:
Թատերական գեղեցիկ յաջողութիւն մը` անկասկած:
Բայց նաեւ` յաջողութիւն մը, որ իր ետին կը ձգէ հետաքրքրական, նոյնիսկ քիչ մը անհանգստացնող հարցականներ:
Արդեօք ժողովուրդը թատրո՞նը կը սիրէ, թէ՞ պարզապէս խնդալ կ՛ուզէ:
Վերջին քանի մը տարիներուն մեր բեմէն այսպիսի կատակերգութիւն չէր ներկայացուած: Նախորդ տարիներուն ընտրած էինք տրամաթիք, հոգեբանական, երբեմն քիչ մը ծիծաղով լեցուն ալ անհեթեթի թատրոնին պատկանող գործեր: Ներկայացումներ, որոնք կը փորձէին մարդկային հոգիի բարդութիւնները բացայայտել, հարցումներ բարձրացնել եւ հանդիսատեսը մտածելու մղել: Սակայն միշտ չէ, որ սրահները այսքան լեցուն էին:
Այս տարի` կատակերգութիւն: Եւ ահա՛ հրաշքը. տոմսերը սպառեցան, աթոռները լեցուեցան, իսկ ծիծաղը դարձաւ երեկոյին գլխաւոր հերոսը:
Բայց պէտք է կարեւոր տարբերութիւն մըն ալ ընդգծել: Մեր ներկայացուցածը աժան կամ գռեհիկ կատակերգութիւն չէր: Ո՛չ անճաշակ արտայայտութիւններ, ո՛չ դիւրին ծիծաղ որսալու փորձեր: Այլ` որակաւոր կատակերգութիւն մը, որ կը յարգէ հանդիսատեսին միտքն ու ճաշակը: Որովհետեւ խնդացնելն ալ արուեստ է, եւ երբեմն շատ աւելի դժուար, քան` լացնելը:
Ուրեմն ի՞նչ պատահեցաւ:
Գուցէ այսօրուան մարդը, իր առօրեայ հոգերէն, տնտեսական դժուարութիւններէն, պատերազմներու լուրերէն եւ անվերջ մտահոգութիւններէն յոգնած, այլեւս բեմին վրայ նոր տառապանք մը տեսնել չ՛ուզեր: Ան կ՛ուզէ երկու ժամով մոռնալ աշխարհը, խնդալ, թեթեւնալ եւ ժպիտով տուն վերադառնալ:
Եւ ո՞վ կրնայ մեղադրել զինք: Երբ իրականութիւնը ամէն օր ողբերգութիւն կը հրամցնէ, բնական է, որ մարդը թատրոնէն կատակերգութիւն ակնկալէ:
Սակայն հարցը միայն այս չէ:
Արդեօք մեր ժողովուրդը բաւարար թատերական դաստիարակութիւն ունի՞ գնահատելու համար թատրոնի տարբեր տեսակները:
Այս հարցադրումը պէտք չէ ընկալել իբրեւ հանդիսատեսին ուղղուած քննադատութիւն: Ընդհակառակը, ան նաեւ մեզի` թատերական գործիչներուս եւ մշակութային կառոյցներուս, ուղղուած հարցում մըն է:
Տարիներու ընթացքին որքանո՞վ կրցած ենք` մեր հանդիսատեսը ծանօթացնել ժամանակակից թատրոնին, անոր բազմազան ուղղութիւններուն, գեղարուեստական լեզուին եւ արտայայտչական նոր ձեւերուն: Որքանո՞վ կրցած ենք զարգացնել այնպիսի թատերական ճաշակ մը, որ հանդիսատեսը պատրաստ ըլլայ գնահատելու ոչ միայն կատակերգութիւնը, այլեւ` տրաման, հոգեբանական, փորձարարական եւ անհեթեթի թատրոնը:
Թատերական դաստիարակութիւնը միայն ներկայացում դիտել չէ: Ան բեմին լեզուն հասկնալու, խորհրդանիշները ընկալելու, լռութեան իմաստը զգալու եւ երբեմն առանց պատրաստ պատասխան մը ստանալու սրահէն դուրս գալու կարողութիւնն է:
Որովհետեւ միշտ չէ, որ թատրոնը պէտք է հասկցուի առաջին իսկ պահուն: Միշտ չէ, որ ան պարտաւոր է հաճոյք պատճառել: Երբեմն ան պէտք է անհանգստացնէ, խռովէ, զարմացնէ, նոյնիսկ զայրացնէ: Երբեմն ալ ներկայացում մը իր իսկական ազդեցութիւնը կը ձգէ ոչ թէ վարագոյրը փակուելու պահուն, այլ` օրեր ետք, երբ անոր մէկ տեսարանը կամ մէկ նախադասութիւնը տակաւին կը շարունակէ ապրիլ մեր մտքին մէջ:
Ահա՛ այստեղ է թատերական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը:
Ժամանակակից թատրոնը վաղուց դուրս եկած է պատմութիւն մը պարզապէս պատմելու սահմաններէն: Ան կը փորձարկէ նոր ձեւեր, կը քանդէ սովորական կառուցուածքները, երբեմն կը հրաժարի յստակ պատասխաններէն եւ հանդիսատեսէն կը պահանջէ մասնակցութիւն` մտքով ու երեւակայութեամբ:
Բայց արդեօք մենք պատրաստա՞ծ ենք մեր հանդիսատեսը այդ հանդիպումին:
Թերեւս մեր մշակութային կառոյցներուն պարտականութիւնն է ոչ միայն ներկայացումներ կազմակերպել, այլ նաեւ` թատերական մշակոյթ ստեղծել: Հանդիսատեսը ծանօթացնել տարբեր թատերական դպրոցներու, նորարարական բեմադրութիւններու, ժամանակակից հեղինակներու եւ արտայայտչական տարբեր լեզուներու:
Անշուշտ պէտք չէ իյնալ նաեւ հակառակ ծայրայեղութեան մէջ` կարծելով, թէ լուրջ թատրոնը անպայման լաւ թատրոն է, իսկ կատակերգութիւնը` երկրորդական արուեստ: Ո՛չ: Լաւ կատակերգութիւն մը կրնայ նոյնքան խորունկ ըլլալ, որքան` ամենալուրջ տրաման: Իսկ անհասկնալի ներկայացում մը ինքնաբերաբար մեծ արուեստ չի դառնար միայն այն պատճառով, որ անհասկնալի է:
Խնդիրը թատրոնի տեսակներուն մէջ մրցակցութիւն ստեղծելը չէ: Խնդիրը այն է, որ հանդիսատեսը ունենայ ընտրելու ազատութիւն, բայց նաեւ` այդ ընտրութիւնը կատարելու մշակութային պատրաստութիւն:
Եւ այստեղ կու գայ մեր շաբաթավերջի յաջողութեան ամէնէն հետաքրքրական հարցումը:
Եթէ վաղը նոյն բեմին վրայ ներկայացնենք ժամանակակից տրամա մը կամ անհեթեթի թատրոն մը, արդեօք այդ նոյն 1200 հանդիսատեսները պիտի վերադառնա՞ն:
Պիտի գա՞ն առանց խնդալու խոստումի: Պիտի գա՞ն պարզապէս թատրոնին հետ հանդիպելու, նոր աշխարհ մը բացայայտելու, տարբեր զգացում մը ապրելու համար:
Կը մաղթեմ, որ պատասխանը «Այո՛» ըլլայ:
Որովհետեւ թատրոնի իսկական յաղթանակը միայն լեփ-լեցուն սրահը չէ: Ան նաեւ այն հանդիսատեսն է, որ պատրաստ է բեմին հետ խնդալու, լալու, մտածելու, հարցադրելու եւ երբեմն նոյնիսկ` չհասկնալու:
Մեր վերջին ներկայացումներուն յաջողութիւնը մեծ ուրախութիւն էր բոլորիս համար: Բայց այդ ուրախութիւնը պէտք է նաեւ առիթ դառնայ մտածելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այս հետաքրքրութիւնը վերածել մնայուն թատերական մշակոյթի, որովհետեւ եթէ այս անգամ ծիծաղը յաջողեցաւ ժողովուրդը թատրոն բերել, թող այդ ծիծաղը դառնայ դուռը, ոչ թէ` սահմանը, մեր թատերական ճամբորդութեան:
Եւ թող վաղը սրահները լեցուին ոչ միայն այն ատեն, երբ բեմը կը խոստանայ մեզ խնդացնել, այլ նաեւ` այն ատեն, երբ կը համարձակին պարզապէս դերասանները բեմ բարձրանալ:
Ի վերջոյ, թատրոնը կեանքին հայելին է, իսկ կեանքը, բարեբախտաբար կամ դժբախտաբար, միայն կատակերգութիւն չէ:


