Ռուսիա յարմար կը նկատէ, որ «3+3» ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը կայանայ Ազրպէյճանի մէջ, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Ես պիտի յիշատակէի Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախաձեռնած ձեւաչափը. ատիկա «3+3» ձեւաչափն է` Ազրպէյճան, Վրաստան, Հայաստան եւ Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան: Մենք քանի մը անգամ հանդիպած ենք, եւ այժմ կը սպասենք, թէ ե՛րբ պիտի համաձայնին Հայաստանն ու Ազրպէյճանը` թէ ո՛վ պիտի հիւրընկալէ այս խումբի արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը», ազրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան համաձայն յայտարարած է Լաւրով` շարունակելով. «Կը կարծեմ` կարելի է յառաջիկայ հանդիպումը կայացնել Ազրպէյճանի մէջ, իսկ յետոյ յաջորդը` Երեւան: Ատիկա ճիշդ պիտի ըլլար»:
Լաւրով յայտնեց, որ այս հարթակը «իրօք համապարփակ է, նուիրուած չէ որեւէ մասնաւոր ծրագիրի, որ նախատեսուած է իրականացնել ընդհանուր շրջանային պարունակէն դուրս, այդ պատճառով ալ` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ առաջարկած «3+3» ձեւաչափին մենք գործօն աջակցութիւն կը ցուցաբերենք»:
Յիշեցնենք, որ «3+3»-ը արցախեան 44 օրեայ պատերազմէն ետք Թուրքիոյ նախաձեռնած եւ Ռուսիոյ աջակցութիւնը ստացած շրջանային համագործակցութեան ձեւաչափ մըն է: Անիկա կ՛ենթադրէ հարաւկովկասեան երեք երկիրներու` Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, ինչպէս նաեւ շրջանի երեք տէրութիւններու` Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութիւնը: Վրաստանը յայտարարած է, որ հարթակին չի միանար Ռուսիոյ հետ ունեցած հակասութիւններուն պատճառով:
Այդ ձեւաչափով տեղի ունեցած են երեք հանդիպումներ` Ռուսիոյ, Իրանի եւ վերջինը` 2024-ին, Թուրքիոյ մէջ:


