Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, անդրադառնալով Իրանի վրայ յարձակումի պարագային «Ռումբերու մայր»-ը օգտագործելու մասին տեղեկութեան, յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները Իրանի դէմ հիւլէական զէնք պիտի չօգտագործեն` ընդգծելով, որ ատոր ստիպուած չեն: Ան այս մասին յայտնեց «Նիուզ Մաքս»-ին:
Թրամփ նշեց, որ «Ռումբերու մայր»-ը հիւլէական զէնք մը չէ` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգները աշխարհի վրայ մեծագոյն հիւլէական ուժն են եւ այլ պետութիւններուն ունեցածը գերազանցող կարողութիւններ ունին:
Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուց, որ Իրան ամերիկեան յարձակումներու դադրեցումը խնդրած է, եւ բանակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին:
Անդրադառնալով զէնքի պահեստներուն` Թրամփ ըսաւ, որ Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանի «Փաթրիոթ» համակարգերու եւ «Թոմահոք» հրթիռներու մրցանշային մակարդակով արտադրութեան վրայ` վերականգնելու համար իր պահեստները:
Ան նաեւ նշեց, որ իր երկիրը Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ հիւլէական զինաթափման շուրջ բանակցութիւններ կը վարէ:


