Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Պիլալ Ապտալլա յայտարարեց. «Սահմանադրական խորհուրդին մէջ, (համաներման օրէնքի) բողոքարկումը ընդունելու փոխարէն թղթածրարի կարգաւորման անուան տակ տեղի ունեցած գործարքին պատասխանատուութիւնը ոչ միայն կարգաւորումը ղեկավարողը կը կրէ, այլ նաեւ ան, որ օրինաթիւը ապահովեց»:
«Արհեստավարժութիւն եւ անկողմնակալութիւն ապահովող Սահմանադրական նոր խորհուրդի ընտրութիւնը հրատապ դարձաւ», նշեց երեսփոխանը:


