Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Սայիտ Խաթիպզատէ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ հանդիպում ունեցած է շարք մը լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ` տեսակէտներու եւ կողմերուն միջեւ դիրքորոշումներու փոխանակում կատարելու: Ան աւելցուց, որ հանդիպումներու մթնոլորտը լաւ էր:
Խաթիպզատէ նշեց, որ Նիւ Եորքի մէջ լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանին` նշելով, որ երկու կողմերուն հաւանութիւնը վայելող ուղիի ընտրութեան առաջարկներ գոյութիւն ունին:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարին կարծիքով, Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանին հարցը պէտք չէր այսչափի հասնէր` նշելով, որ այդ տագնապի լուծման համար երկու երկիրներուն միջեւ առաջարկներ գոյութիւն ունին:


