Պրիւքսել աշխատանքային այցելութեան շրջանակին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի ընկերակցութեամբ, հանդիպում ունեցած է Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Եոնեք Փոլէի հետ:
Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութիւնը Եւրոպայի մէջ ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններու մեծագոյն միաւորումն է, որուն Հարաւային Կովկասէն անդամակցող միակ կուսակցութիւնը ՀՅԴ-ն է:
Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան եւ ՀՅԴ-ի միջեւ ձեւաւորուած բարձր մակարդակի քաղաքական փոխըմբռնումը, պարբերական երկխօսութիւնը եւ Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան աշխատանքներուն մէջ Դաշնակցութեան ներգրաւուածութիւնը:
Իշխան Սաղաթէլեան շնորհակալութիւն յայտնելով Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան վերջին համագումարին կողմէ ՀՅԴ-ի ներկայացուցած բանաձեւի որդեգրման կապակցութեամբ, կարեւոր նկատած է նման հարցերու շարունակական բարձրաձայնումը, ինչ որ էական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու անյապաղ ու անվերապահ ազատ արձակման, Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներու ապաբռնագրաւման, արցախահայութեան համալիր իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Հայաստանի մէջ քաղաքական ազատութիւններու յարգման հարցերուն մէջ:
Իշխան Սաղաթէլեան ամփոփ ներկայացուցած է Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը, Դաշնակցութեան դիմակայած մարտահրաւէրները, Հայաստանի եւրոպական համարկման շուրջ ՀՅԴ-ի տեսակէտները եւ Հայաստանի մէջ ընկերվար-ժողովրդավարական արժէքներու տարածման միտուած գործողութիւնները:


