Հայաստանի հրաձգութեան հաւաքականի ներկայացուցիչ Էլմիրա Կարապետեան ոսկի մետալ նուաճեց Գահիրէի մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցող հրաձգութեան աշխարհի բաժակի մրցաշարքին:
Հայ մարզիկը ոսկի մետալ նուաճեց աղջկանց 10 մեթր օդամղիչ ատրճանակով նշանառութեան մրցումին:
Կարապետեան գերազանց արդիւնք արձանագրած էր զտումի մրցումներուն` վաստկելով 582 կէտ եւ հաստատ քայլերով հասնելով աւարտական հանգրուան:
Աւարտական հանգրուանին Կարապետեան վաստկեցաւ 242,4 կէտ եւ լայն տարբերութեամբ գերազանցելէ ետք իր մրցակիցները բարձրացաւ պատուոյ հարթակի ամէնէն բարձր աստիճանը:
Այս մետալը եղաւ Հայաստանի հաւաքականի առաջին ոսկի մետալը` աշխարհի բաժակի մրցաշարքին:
Կարապետեանի համար այս յաջողութիւնը միջազգային ասպարէզի հերթական նշանակալի նուաճումն է: 2025-ին ան ոսկի մետալ մը եւս նուաճած էր Լեհաստանի միջազգային մրցաշարքին:
Բացի Կարապետեանէն, Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի հաւաքականին հետ ելոյթ կ՛ունենան նաեւ Բենիկ Խլղաթեան, Գէորգ Մելքոնեան եւ Արմէն Գէորգեան:
Գահիրէի այս մրցաշարքը շատ կարեւոր փորձառութիւն է յառաջիկայ նոյեմբերին Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութենէն առաջ:


