Չորեքշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. պապին ուղղած յատուկ նամակով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց` ողջունելէ ետք անոր ունեցած յաջող վիրահատումը:
Վեհափառ հայրապետը յայտնեց նաեւ, որ աղօթող է Աստուծոյ, որպէսզի կատարեալ առողջութիւն պարգեւէ պապին, եւ ան վերանորոգ կենսունակութեամբ շարունակէ իր հովուապետական առաքելութիւնը:


