Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ հուսիները «չափազանց վատ կերպով կը վարուին»:
Ան լրագրողներու յայտնեց, որ կրնայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն խնդրել միջամտել եւ Սէուտական Արաբիոյ շահերուն աջակցիլ:
«Կը կարծեմ, թէ նախագահ Էրտողանը պիտի ընդառաջէ խնդրանքիս», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Պիտի չմոռնամ այն իրողութիւնը, թէ հուսիները կը փորձեն (Քոնկրեսի միջանկեալ) ընտրութիւններէն առաջ քարիւղի գիները բարձրացնել: Հուսիները երկար ժամանակ լուռ մնացին, եւ հաւանաբար Իրանի խնդրանքով հիմա վերստին սկսան յարձակում գործելու», նշեց Թրամփ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Հուսիներուն յայտնեցինք, որ անհրաժեշտ է քաղաքային ենթակառոյցները չհարուածել»:
«Մինչեւ հիմա Սէուտական Արաբիոյ եւ հուսիներու հակամարտութեան կարգաւորման մէջ միջնորդութիւն կատարելու որեւէ դիմում չստացանք», նշեց նախարարութիւնը:


