Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Խաթիպ. «Հարաւային Լիբանանի Մէջ Առանց ՄԱԿ-ի Լիազօրութեան Որեւէ Միջազգային Ուժ Կը Մերժենք»

October 14, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ նշեց. «Այսօր պայքարը անոնց հետ է, որոնք շունչ կը քաշեն եւ մեր պարտութիւնը կը ջատագովեն: Մենք պարտուած չենք, եւ Արեւմուտքը ուղղակիօրէն մեր դէմ պատերազմ պիտի չյայտարարէր, եթէ վստահ ըլլար, թէ շրջանին մէջ անոր շահերը պաշտպանողները ատիկա կատարելու կարողութիւնն ունին: Վերջիններուս պարտականութիւնը վերջ գտաւ, երբ այդ պարտականութիւնը գործակատարէն հիմնական կողմին անցաւ: Մենք տեւական պատերազմի մէջ ենք, եւ ոչ ոք գիտէ անոր տեւողութիւնը: Մենք վերջաւորութեան պիտի յաղթենք, որովհետեւ իրաւունքն է, որ կը յաղթէ, եւ իսրայէլեան-ամերիկեան ծրագիրը պարտուեցաւ»:

«Այսօր անոնց մղած մարտը իրենց պարտութիւնը պաշտպանելու համար մղուող մարտ է. պարտութիւնը քաղաքակրթական է, ոչ թէ զինուորական: Անոնք մարտավարական մարտերու մէջ յաղթած են, սակայն պատերազմին մէջ ռազմավարական առումով պարտուած են», յայտնեց ան:

«Լիբանանը Արեւմուտքի համար մեծ նշանակութիւն ունի. ճիշդ այս երկրին մէջ կը կերտուի պարտութեան կամ յաղթանակի պատմութիւնը: Հետեւաբար, մենք կը ցաւինք դիրքորոշումներուն համար այն մարդոց, որոնք երկիրը կը տանին դէպի ոչ հայրենասիրական արդիւնք: Մենք որեւէ պահ մենք մեզ պարտուած պէտք չէ զգանք», նշեց շէյխ Խաթիպ:

Պատասխանելով ՖԻՆԻՒԼ-ը փոխարինելու միջազգային ուժի մը նկատմամբ դիրքորոշման մասին հարցումի մը` Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահը յայտարարեց. «Նախ պէտք է իմանանք այդ ուժին առաքելութեան բնոյթը: Սակայն սկզբունքային գետնի վրայ մենք կը մերժենք որեւէ ուժ, որ ՄԱԿ-ի կողմէ լիազօրուած չէ, սակայն վերջին հաշուով, այդ ուժին հետ բախումի կոչ չենք ուղղեր»:

Նախորդը

Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց

Յաջորդը

Միրզոյեան Վարշաւայի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցած Է Գերմանիոյ Եւ Լեհաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հետ

RelatedPosts

Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի  Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման  Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Հըզպալլան Աւերուած Կամ Ոչ Բնակելի Տուներ Ունեցողներու Պատսպարման Ծրագիրի Մը Մեկնարկը Յայտարարեց

October 14, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 14, 2026
Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով  Բեռցուած Բեռնատարին.  «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային  Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը  Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք»  Հաստատեց Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Պայթուցիկ Նիւթերով Բեռցուած Բեռնատարին. «Հետաքննութեան Շարունակութենէն Ու Այս Ոճրային Արարքին Մէջ Ներգրաւուած Անձերը Բացայայտելէն Պիտի Չնահանջենք» Հաստատեց Սալամ

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.