Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ շէյխ Ալի Տահմուշ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց «պատսպարման ծրագիր մը անոնց համար, որոնց տուները աւերուած են կամ այլեւս ոչ բնակելի են»:
«Ծրագիրը տունի վարձում եւ կահոյքի գնում կ՛ապահովէ, ինչպէս էր 2024 թուականին մեր գործադրած ծրագիրը», նշեց ան` աւելցնելով. «Սահմանափակումները կապուած են տրամադրութեան տակ գտնուող կարելիութիւններուն, այլապէս մեր ամբողջ ժողովուրդը արժանի է, որ անոր ամէն բան տրամադրենք»:
«Ճշդուած գումարը Պէյրութի եւ Հարաւային արուարձաններուն մէջ բնակարաններուն համար 14 հազար տոլար է, իսկ Պէյրութէն ու Հարաւային արուարձաններէն դուրս` 12 հազար տոլար», ըսաւ շէյխ Տահմուշ` աւելցնելով. «Գումարը կը ներառէ Հարաւային արուարձաններուն եւ Պէյրութի մէջ վարձքի համար 6 հազար տոլար, իսկ անոնցմէ դուրսին համար` 4 հազար տոլար»:
«Պիտի սկսինք առաջին վճարումը, որուն արժէքը Հարաւային արուարձաններուն ու Պէյրութի համար 3500 տոլար է, իսկ անոնցմէ դուրս` 3000 տոլար», ըսաւ ան:
«Պիտի շարունակենք ձեռք երկարել որեւէ մէկուն, որ մեր երկրին մէջ վնաս կրեց` անկախ անոր քաղաքական դիրքորոշումէն, եւ ինչպէս նախապէս, մեր խոստումին վրայ պիտի մնանք», նշեց Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահը:
Պատասխանելով հարցումի մը` շէյխ Տահմուշ յայտնեց. «Ամերիկեան վարչակազմին ըսածը մեզի չի հետաքրքրեր, ո՛չ ալ լրատուամիջոցներուն մէջ յայտարարուածի քննարկումը: Մենք մեր ժողովուրդին ծառայելու համար պիտի աշխատինք»:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամըս Փիկըթ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էր. «Հըզպալլան Իրանէն 200 միլիոն տոլար չստացաւ, որովհետեւ անոր ֆինանսաւորման աղբիւրները ցամքեցան»` աւելցնելով. «Հըզպալլան, եթէ կ՛ուզէ գաղթականներուն օգնել, պէտք է դադրի սուտեր հրապարակելէ»:
Նախքան այդ, երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էին. «Հըզպալլան տեղահանուածներուն օգնելու համար Իրանէն 200 միլիոն տոլար ստացաւ»:
Փիկըթ նախապէս ալ այդ լուրը մեկնաբանելով նշած էր. «Հըզպալլան կը փորձէ` իր շահերուն ծառայող պատճառներով անծանօթ աղբիւրներու ճամբով պատմութիւններ տարածել»` շեշտելով. «Ան կրնայ իր ուզածը պնդել, սակայն անոր խօսած գումարները գոյութիւն չունին»:


