. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական յանձնախումբերը այսօր միացեալ նիստի հրաւիրեց:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Քաթարի վարչապետ Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանի մօտ օրէն պիտի այցելէ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամի եւ շարք մը քաղաքական ուժերու ու գործիչներու հետ, ինչ որ կ՛արտացոլէ Տոհայի ցանկութիւնը` վերականգնելու լիբանանեան բեմի վրայ իր ներկայութիւնը, երբ անոր աշխուժութիւնը նուազած էր 2025 թուականի սկիզբը տեղի ունեցած նախագահական ընտրութենէն ետք»:
. ՊԱԱՊՏԱՅԻ աղբիւրները «Տիար» օրաթեթին. «Ներկայ մթնոլորտը ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման կարելիութիւնը չի յուշեր` Ուաշինկթընի ընդդիմութեան եւ փոխան մէկ տարուան զայն 6 ամիսով երկարաձգելու առաջարկի ձախողութեան պատճառով, եւ մինչեւ հիմա այլընտրանքի վերաբերեալ որեւէ պատկերացում չյստակացաւ»:
. ՊԱԱՊՏԱՅԻ աղբիւրները «Տիար» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն կը շեշտէ եւ կը կեդրոնանայ միջազգային ներկայութեան պահպանման ու շարունակման վրայ, եւ լիբանանեան բանակին Հարաւի եւ ամբողջ Լիբանանի մէջ իր պարտականութիւններն ու դերը կատարելու համար, սարքաւորումներով եւ մեքենաներով ամրապնդելու լուրջ ու արագ ջանքեր գործադրելու անհրաժեշտութեան վրայ»:
. ՄԵԾ հեղինակութիւն մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Շուրջ մէկուկէս ամիս ետք, ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք, ամբողջ Լիբանանը պիտի դիմագրաւէ շատ վտանգաւոր իրավիճակ մը, եւ ես այն մտավախութիւնը ունիմ, որ անոր աշխարհագրական քարտէսը իր հարաւային հատուածին մէջ վտանգի մեծ սպառնալիք կը դիմագրաւէ»:
. ՄԱԿ-Ի աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Միջազգային խաղաղապահ ուժերը սկսան հարաւային Լիբանանէն հեռանալու վարչական ու գումակային իրենց պատրաստութիւնները, եւ կապոյտ սաղաւարտակիրներու բացակայութենէն ետք անոնց տեղակայուած շրջանի կացութեան նկատմամբ մեծ մտահոգութիւն գոյութիւն ունի»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Ապահովական արարքի մը պատրաստութեան հաւանականութեան վերաբերեալ զգուշացումները տակաւին կը ստուգուին, եւ մինչեւ հիմա չկան շօշափելի փաստեր, որոնք այդպիսի պատրաստութիւններու գոյութիւնը կը հաստատեն»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Վերջին օրերուն արձանագրուած ապահովական տարօրինակ զարգացումներուն հետեւանքով, շարք մը պաշտօնատարներու պաշտպանութեան արտակարգ քայլեր որդեգրուած են»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Քֆարզապատ-Զահլէի մէջ վնասազերծած է քողարկուած եւ պայթեցման համար պատրաստ ական մը, եւ փոխադրելը վտանգաւոր ըլլալուն պատճառով զայն տեղւոյն վրայ պայթեցուցած է:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Զէնքերու եւ պայթուցիկ նիւթերու բեռնափոխադրումներու գրաւումը կ՛արտացոլէ մաքսանենգութեան դէմ պայքարի եւ զէնքի մենաշնորհման իր որոշումներուն վերաբերեալ կառավարութեան լրջութիւնը, եւ թէ լիբանանեան բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը անվտանգութեան վերաբերեալ որոշումները կը գործադրեն առանց բացառութեան»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Բանակն ու ապահովական ուժերը մնայուն պատրաստ վիճակի մէջ են, պայթուցիկ նիւթերու գրաւման շարունակումը ատոր ապացոյցն է, եւ այս հարցով մօտեցումի որեւէ մեղմացում կամ կոծկում պիտի չըլլայ»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Բեռնափոխադրումի մը գրաւումը անպայման բոլոր նոյնպիսի բեռնափոխադրումներու գրաւում չի նշանակեր: Հաւանական է, որ տակաւին գոյութիւն ունին պահեստանոցներ, որոնց ապահովական մարմինները տակաւին չեն հասած»:
. ԸՍՏ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ի, «Տահր Պայտարի անցակէտին վրայ պայթուցիկ նիւթերու բեռի գրաւման հետեւանքները կը գերազանցեն ինքնին ապահովական գործողութիւնը` դուռ բանալով մտավախութիւններու, թէ նմանատիպ բեռներ կրնան առանց յայտնաբերուելու յաջողութեամբ անցած ըլլալ զինուորական անցակէտերէ, մինչ գոյութիւն ունին տեղափոխուած պայթուցիկներու չափերու, անոնց նպատակակէտի եւ տեղափոխման նպատակի շուրջ հարցականներ` հաշուի առնելով այն վտանգները, որոնք կը գերազանցեն գրաւուածն ու չյայտնաբերուածը»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Ըստ ամերիկեան կողմէն լիբանանեան իշխանութիւններուն տրամադրուած տեղեկութեան, Լիբանան պիտի չընդգրկուի Ֆինանսական գործողութիւններու աշխատանքային խումբի (ՖԱՖԹ) սեւ ցուցակին վրայ, սակայն յաջորդ փուլին պիտի մնայ մոխրագոյն ցուցակին վրայ` Հըզպալլայի դէմ պայքարի շարունակման եւ կանխիկ տնտեսութեան կրճատման ու զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու դիմաց»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 7000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.795.000 լ.ո.-ի եւ 2.813.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 25000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.589.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 35000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.418.000 լ.ո.:


